Միջազգային

Ռուպիօ. «Կը Կարծենք, Որ Ուքրանիոյ Մէջ Տագնապի Աւարտին Նախկինէն Աւելի Մօտ Դարձանք»

Ռուպիօ. «Կը Կարծենք, Որ Ուքրանիոյ Մէջ Տագնապի Աւարտին Նախկինէն Աւելի Մօտ Դարձանք»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ ամերիկեան «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, թէ Միացեալ Նահանգներու կարծիքով Ուքրանիոյ մէջ տագնապի աւարտը նախկինէն աւելի մօտ է: Ռուպիօ ըսաւ, որ ամերիկացի պատուիրակ Սթիւ Ուիտթքոֆի Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հանդիպումը արդիւնաւէտ էր, «սակայն (Ուքրանիոյ տագնապի լուծման համար) տակաւին շատ աշխատանք կայ կատարելիք»: «Միացեալ Նահանգներ այժմ Ուքրանիոյ մէջ կարգաւորման համար...

ՄԱԿ. «Հակառակ Զինադադարին, Սուէյտայի Մէջ Թշնամական Արարքները Կը Շարունակուին»

ՄԱԿ. «Հակառակ Զինադադարին, Սուէյտայի Մէջ Թշնամական Արարքները Կը Շարունակուին»

ՄԱԿ-ի մարդասիրական հարցերու համակարգման գրասենեակը զեկուցում մը հրապարակելով յայտնեց. «1-5 օգոստոսին, հակառակ զինադադարի համաձայնութեան գոյութեան, Սուէյտա նահանգին եւ անոր արեւմտեան գիւղական շրջանին մէջ թշնամական արարքները կը շարունակուին»: Զեկուցումը նշեց, թէ Խարսայի, Ուահրայի, Թել Հատիտ-Սահլայի նման շրջաններու մէջ բախումներ եւ հրետանիով ռմբակոծումներ տեղի ունեցած են, եւ նշմարուած են իսրայէլեան օդային գործունէութիւն, որ շրջանային լարուածութիւնը բարձրացուցած է: Զեկուցումը կ՛աւելցնէ, որ տագնապը պատճառ...

Իրանի Ազգային Անվտանգութեան Գերագոյն Խորհուրդը Հաւանութիւն Տուաւ Ազգային Պաշտպանութեան Խորհուրդի Ստեղծման

Իրանի Ազգային Անվտանգութեան Գերագոյն Խորհուրդը Հաւանութիւն Տուաւ Ազգային Պաշտպանութեան Խորհուրդի Ստեղծման

Իրանեան պետական լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ երկրի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը հաւանութիւն տուած է Ազգային պաշտպանութեան խորհուրդի ստեղծման: Իրանի Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդը նշած է. «Պաշտպանական նոր մարմինը պիտի ստանձնէ պաշտպանական ծրագիրները վերատեսութեան ենթարկելու եւ իրանեան զինեալ ուժերու կարողութիւնը կեդրոնացեալ կերպով ամրապնդելու պարտականութիւնը»: Իրանի Ազգային պաշտպանութեան խորհուրդին պիտի նախագահէ երկրի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիանը: Խորհուրդին մաս պիտի կազմեն կառավարութեան երեք թեւերու նախագահները եւ...

Թրամփ Կը Մերժէ Ճշդել, Թէ Կազայի Վրայ Իսրայէլի Վերահսկողութեան Հե՞տ Է, Թէ՞ Դէմ

Թրամփ Կը Մերժէ Ճշդել, Թէ Կազայի Վրայ Իսրայէլի Վերահսկողութեան Հե՞տ Է, Թէ՞ Դէմ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ մերժեց բացայայտել, թէ Կազայի վրայ Իսրայէլի զինուորական հաւանական վերահսկողութեան կը զօրակցի՞, թէ՞ անոր դէմ է: Ան ըսաւ, որ իր վարչակազմը կը կեդրոնանայ Կազայի սննդեղէնի հասանելիութեան յաւելման վրայ: Թրամփ լրագրողներուն ըսաւ. «Ինչ կը վերաբերի հարցի մնացեալին, իրապէս չեմ կրնար ըսել: Ատիկա մեծ մասամբ Իսրայէլին կը մնայ»: Սպիտակ տան ղեկավարը իր քարշանքը արտայայտեց Համաս շարժումին կողմէ տեսերիզի...

«Ազրպէյճանի Մէջ Իսրայէլի Ներկայութիւնը Սպառնալիք Է Ամբողջ Շրջանին` Նախ Եւ Առաջ Իրանի Համար»  Կ՛ըսէ Խամենէիի Ներկայացուցիչը

«Ազրպէյճանի Մէջ Իսրայէլի Ներկայութիւնը Սպառնալիք Է Ամբողջ Շրջանին` Նախ Եւ Առաջ Իրանի Համար» Կ՛ըսէ Խամենէիի Ներկայացուցիչը

Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան գերագոյն հոգեւոր պետի` «Աշուրա» միութեան մէջ պատասխանատու ներկայացուցիչ հոճաթ իսլամ Ապտուլռահիմ Սարային լուրջ մտահոգութիւն յայտնած է Ազրպէյճանի մէջ Իսրայէլի գործօն ներկայութեան եւ ազդեցութեան նկատմամբ: Անոր համաձայն, այդ ներկայութիւնը իրական սպառնալիք է Իրանի անվտանգութեան եւ անկախութեան համար: Այս մասին հաղորդեց իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութիւնը: Իրանի Արեւելեան Ազրպէյճան նահանգին մէջ 12-օրեայ պատերազմի զոհերուն յիշատակին նուիրուած ձեռնարկի ընթացքին խօսք արտասանելով`...

Թրամփ Ճշդած Պայմանաժամի Աւարտէն Օրեր Առաջ.   Փութին-Ուիթքոֆ «Օգտակար Ու Շինիչ» Բանակցութիւններ

Թրամփ Ճշդած Պայմանաժամի Աւարտէն Օրեր Առաջ. Փութին-Ուիթքոֆ «Օգտակար Ու Շինիչ» Բանակցութիւններ

Ամերիկացի պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆ երէկ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի Ուքրանիոյ մէջ յարձակումը դադրեցնելու համար ճշդած պայմանէն օրեր առաջ Մոսկուա այցելելով հանդիպում ունեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ: Հանդիպումի աւարտին Քրեմլին յայտարարեց, թէ բանակցութիւնները տեւած են 3 ժամ: Ռուսիոյ նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքով նշեց. «Փութինի եւ ամերիկացի պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆի միջեւ բանակցութիւնները օգտակար ու շինիչ էին»: «Փութին Ուիթքոֆի հետ քննարկեց...

Հիրոշիմայի Մէջ Հիւլէական Ռմբակոծման 80-Ամեակի Ոգեկոչում

Հիրոշիմայի Մէջ Հիւլէական Ռմբակոծման 80-Ամեակի Ոգեկոչում

Ճափոնի բնակիչները կ՛ոգեկոչեն Հիրոշիմայի հիւլէական ռմբակոծման 80-ամեակը: Միացեալ Նահանգներու կողմէ հիւլէական ռումբը նետուած է 6 օգոստոս 1945-ի առաւօտեան` ժամը 8:15-ին: Պայթումին յառաջացուցած ջերմութիւնն ու ճառագայթումը աւերած են քաղաքը, իսկ 1945 թուականի վերջին այդ հարուածէն զոհերուն թիւը հասած է 140.000-ի: Այս մասին կը գրէ ճափոնական «էն.էյչ.քէյ.օր.» կայքը: Այս ողբերգութենէն վերապրածներէն շատեր կը տառապին քաղցկեղէ եւ ճառագայթահարման առնչուած այլ հիւանդութիւններէ: Այս տարի...

Երուսաղէմի Մօտ Յարձակում` Ռուսիոյ Դեսպանատան Ինքնաշարժին Վրայ

Երուսաղէմի Մօտ Յարձակում` Ռուսիոյ Դեսպանատան Ինքնաշարժին Վրայ

30 յուլիսին, Երուսաղէմի մօտ գտնուող Կիւաթ Ասաֆ իսրայէլեան ապօրինի բնակեցման վայրի տարածքին մէջ խումբ մը վերաբնակեցուածներու կողմէ յարձակումի ենթարկուած է Պաղեստինեան իշխանութեան մօտ Ռուսիոյ դեսպանատան դիւանագիտական թիւով ինքնաշարժը, որուն մէջ գտնուած են Ռուսիոյ դիւանագիտական առաքելութեան Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութեան մօտ հաւատարմագրուած աշխատակիցներ: Այս մասին հաղորդեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա` մանրամասնելով, թէ Թել Աւիւի մէջ Ռուսիոյ դեսպանատունը համապատասխան...

Թրամփ-Ֆոն Տեր Լեյեն Գործարքէն Ետք Եւրոպական Միութիւնը Սառեցուցած Է Միացեալ Նահանգներու Դէմ Մաքսատուրքերը

Թրամփ-Ֆոն Տեր Լեյեն Գործարքէն Ետք Եւրոպական Միութիւնը Սառեցուցած Է Միացեալ Նահանգներու Դէմ Մաքսատուրքերը

Եւրոպական Միութիւնը Թրամփ-ֆոն Տեր Լեյեն համաձայնութենէն ետք սառեցուցած է Միացեալ Նահանգներու դէմ պատասխան առեւտրական մաքսատուրքերը, սակայն միշտ կրնայ զանոնք վերստին կեանքի կոչել: Այս մասին «Տէօչէ Վելլէ»-ին յայտնած է Եւրոպական յանձնաժողովի ներկայացուցիչը: Անոր համաձայն, Եւրոպական յանձնաժողովը անհրաժեշտ իրաւական քայլերուն ձեռնարկած է: Մասնաւորաբար կը նախատեսուէր լրացուցիչ վճարումներ հաստատել ամերիկեան ապրանքներու վրայ, որոնց ընդհանուր արժէքը կը կազմէ 93 միլիառ եւրօ, ներառեալ սոյայի, օդանաւերու...

Քաց. «Չարիքի Առանցքը Քայքայուեցաւ,  Եւ Թեհրանին Պիտի Ընենք Այն, Ինչ Որ Հըզպալլային,  Համասին, Ասատին Եւ Հուսիներուն Ըրինք»

Քաց. «Բանակը Զամիրի Հրամանատարութեան Տակ Ուժեղ Կերպով Կը Գործէ Լիբանանի, Սուրիոյ, Այսրյորդանանի Եւ Կազայի Մէջ»

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց յայտնեց. «Իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ Իալ Զամիր իրաւունք ունի իր դիրքորոշումը արտայայտելու, սակայն բանակը քաղաքական ղեկավարութեան որոշումները կը գործադրէ»: «Բանակը Զամիրի հրամանատարութեան տակ ուժեղ կերպով կը գործէ Լիբանանի, Սուրիոյ, Այսրյորդանանի եւ Կազայի մէջ, Եւ Իրանի դէմ յաջող յարձակում մը ղեկավարեց», աւելցուց Քաց: Լուսարձակները կը կեդրոնանան Իսրայէլի նախարարաց սեղմ խորհուրդի այսօրուան նիստին վրայ, որուն ընթացքին պիտի...

Վելայեթի. «Իրան Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձէ  Որեւէ Կառավարութեան, Որ Կ՛ուզէ  «Զանգեզուրի Միջանցք»-ը Չարաշահել»

Վելայեթի. «Իրան Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձէ Որեւէ Կառավարութեան, Որ Կ՛ուզէ «Զանգեզուրի Միջանցք»-ը Չարաշահել»

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի խորհրդական Ալի Աքպար Վելայեթի շեշտեց. «Իրենց շահերուն եւ շրջանի շահերուն նկատմամբ անհոգ կարգ մը ամբարտաւան կառավարութիւններ, անգամ մը եւս արծարծեցին «Զանգեզուրի միջանցք»-ի հարցը, եւ ամէն դուռ կը զարնեն Հարաւային Կովկասի մէջ իրենց անօրինական նպատակներու իրագործման համար»: Այս մասին հաղորդեց «Նաշրա» կայքը: «Շրջանէն կամ անկէ դուրս որեւէ կառավարութիւն, որ կը փորձէ նախկին ձախողած փորձը կրկնել, Իրանի կողմէ...

Ըստ Քրեմլինի Մօտիկ Աղբիւրի Մը.  Փութին Հաւանական Է, Որ Չյարգէ Թրամփի  Ճշդած Ժամկէտը, Որ Ուրբաթ Կ՛աւարտի

Ըստ Քրեմլինի Մօտիկ Աղբիւրի Մը. Փութին Հաւանական Է, Որ Չյարգէ Թրամփի Ճշդած Ժամկէտը, Որ Ուրբաթ Կ՛աւարտի

Քրեմլինին մօտիկ աղբիւր մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած է. «Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հաւանական է, որ պիտի չյարգէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ճշդած ժամկէտը, որ ուրբաթ օր կ՛աւարտի»: «Փութին մտահոգ է Թրամփի դժգոհութենէն եւ Ուաշինկթընի հետ յարաբերութիւններու վերջերս արձանագրուած վատթարացումէն», նշած է աղբիւրը: Լրատու գործակալութիւնը յայտնեց. «Փութին չի կարծեր, որ Ուքրանիոյ պատերազմին վերջ տալու ժամանակը հասած է, մինչ իր...

«Պիտի Հետապնդենք Բոլոր Անոնք, Որոնք Սուրիացի  Ժողովուրդին Դէմ Ոճիր Գործեցին, Ներառեալ Հըզպալլան»  Կ՛ըսէ Սուրիոյ Արդարութեան Մարմինի Նախագահը

«Պիտի Հետապնդենք Բոլոր Անոնք, Որոնք Սուրիացի Ժողովուրդին Դէմ Ոճիր Գործեցին, Ներառեալ Հըզպալլան» Կ՛ըսէ Սուրիոյ Արդարութեան Մարմինի Նախագահը

Սուրիոյ ազգային արդարութեան փոխանցման մարմինի նախագահ Ապտելպասեթ Ապտելլաթիֆ յայտնեց, թէ մարմինը աշխատանք կը տանի Ինթերփոլի եւ առնչակից միջազգային բոլոր մարմիններուն հետ կամուրջներ հաստատելու` հետապնդելու համար Սուրիոյ նախկին վարչակարգի առաջին դէմքերը, նախ եւ առաջ Պաշշար Ասատն ու անոր եղբայրը` չորրորդ խումբի ղեկավար Մահեր Ասատը` առ ի պատրաստութիւն սուրիացի ժողովուրդին դէմ անոնց գործած ոճիրներուն համար զանոնք դատելու: Ապտելլաթիֆ «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին...

Ռուպիօ Մեկնաբանած Է Թրամփի Եւ Մետվետեւի  Միջեւ Տեղի Ունեցած Առցանց «Վէճ»-ը

Ռուպիօ Մեկնաբանած Է Թրամփի Եւ Մետվետեւի Միջեւ Տեղի Ունեցած Առցանց «Վէճ»-ը

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ մեկնաբանած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի փոխնախագահ Տմիթրի Մետվետեւի միջեւ վերջերս տեղի ունեցած առցանց «վէճ»-ը: Ռուպիօ «Ֆոքս Նիուզ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին կասկած յայտնած է, թէ Մետվետեւի յայտարարութիւնները կ՛արտացոլեն Ռուսիոյ պաշտօնական դիրքորոշումը: «Ես վստահ չեմ, որ ան կը խօսի Ռուսիոյ պաշտօնական դիրքորոշումին մասին, սակայն ան, անկասկած, Ռուսիոյ մէջ բարձր...

Իրանի Ազգային Անվտանգութեան Գերագոյն Խորհուրդը  Հաւանութիւն Տուաւ Ազգային  Պաշտպանութեան Խորհուրդի Ստեղծման

Իրանի Ազգային Անվտանգութեան Գերագոյն Խորհուրդը Հաւանութիւն Տուաւ Ազգային Պաշտպանութեան Խորհուրդի Ստեղծման

Իրանեան պետական լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ երկրի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը հաւանութիւն տուած է Ազգային պաշտպանութեան խորհուրդի ստեղծման: Իրանի Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդը նշած է. «Պաշտպանական նոր մարմինը պիտի ստանձնէ պաշտպանական ծրագիրները վերատեսութեան ենթարկելու եւ իրանեան զինեալ ուժերու կարողութիւնը կեդրոնացեալ կերպով ամրապնդելու պարտականութիւնը»: Իրանի Ազգային պաշտպանութեան խորհուրդին պիտի նախագահէ երկրի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիանը: Խորհուրդին մաս պիտի կազմեն կառավարութեան երեք թեւերու նախագահները եւ...

Ուիթքոֆ Կրնայ Այսօր  Կամ Վաղը Մոսկուա Այցելել

Ուիթքոֆ Կրնայ Այսօր Կամ Վաղը Մոսկուա Այցելել

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, որ ամերիկացի յատուկ պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆ կրնայ չորեքշաբթի կամ հինգշաբթի օր Ռուսիա այցելել: Սպիտակ տան ղեկավարը աւելցուց, որ Միացեալ Նահանգներ Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներ պիտի հաստատեն, եթէ Ուքրանիոյ մէջ պատերազմը չդադրեցնէ: Ան նաեւ նշեց, թէ Ռուսիան կը թուի պատժամիջոցներէն խուսափելու մէջ վարպետ ըլլալ: Անդրադառնալով ամերիկեան տնտեսութեան հարցին` Թրամփ յայտարարեց, որ իր երկիրը յառաջիկայ քանի մը...

Փեսքով. «Փութին Պատրաստ Է  Զելենսքիի Հետ Հանդիպելու, Սակայն…»

Փեսքով. «Փութին Պատրաստ Է Զելենսքիի Հետ Հանդիպելու, Սակայն…»

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին պատրաստ Է Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի հետ հանդիպելու: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ երէկ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարած է Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով: Անոր համաձայն, այդ հանդիպումին, սակայն, պէտք է նախորդէ մանրակրկիտ փորձագիտական աշխատանք: «Այդ հանդիպումին նախապատրաստման ամբողջական աշխատանքը տակաւին չէ իրականացուած: Կ՛ուզեմ յիշեցնել, որ ինք` նախագահ Փութին, նման հանդիպումի կայացումը չի բացառեր, սակայն...

Թեհրան. «Եւրոպական Եռեակին Հետ  Բանակցութիւնները Շարունակելու  Համաձայնութիւն Գոյացուցինք»

Թեհրան. «Եւրոպական Եռեակին Հետ Բանակցութիւնները Շարունակելու Համաձայնութիւն Գոյացուցինք»

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յայտնեց, որ պատրաստ է ամենայն լրջութեամբ մուտք գործելու բանակցային որեւէ հոլովոյթի մէջ` աւելցնելով, որ համաձայն է եւրոպական եռեակին հետ Պոլսոյ մէջ իր հիւլէական թղթածրարին շուրջ բանակցութիւնները շարունակելու: Նախարարութիւնը աւելցուց, որ իրանեան հիւլէական կառոյցներուն դէմ յարձակումներէն ետք, Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան հետ գործակցութիւնը վերարժեւորման ենթարկելը բնական է: Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշեց, թէ Իրանի Հիւլէական ուժանիւթի...

Մեկնաբանելով Սուէյտայի  Եւ Մընպեժի Մէջ Վերջին Բախումները`  Պարրաք. «Դիւանագիտութիւնը Բռնարարքները  Դադրեցնելու Եւ Խաղաղ Ու Տեւական Լուծումի  Կառուցման Լաւագոյն Միջոցն Է»

Մեկնաբանելով Սուէյտայի Եւ Մընպեժի Մէջ Վերջին Բախումները` Պարրաք. «Դիւանագիտութիւնը Բռնարարքները Դադրեցնելու Եւ Խաղաղ Ու Տեւական Լուծումի Կառուցման Լաւագոյն Միջոցն Է»

Սուրիոյ հարցով ամերիկացի պատուիրակ Թամըս Պարրաք «Էքս»-ի վրայ գրառում կատարելով յայտնեց. «Հպարտ ենք, որ օգնեցինք Սուէյտայի մէջ լուծումի հասնելու միջնորդութեան, եւ բոլոր կողմերը կը յորդորենք պահպանելու հանդարտութիւնը եւ տարակարծութիւնները լուծելու երկխօսութեան ճամբով եւ ոչ թէ արիւնահեղութեան»: Պարրաք, մեկնաբանելով Սուէյտայի եւ Մընպեժի մէջ վերջին բախումները, նշեց. «Դիւանագիտութիւնը բռնարարքներ դադրեցնելու եւ խաղաղ ու տեւական լուծումի կառուցման լաւագոյն միջոցն է»: Մարդկային իրաւանց սուրիական...

Թրամփ. «Այն, Ինչ Որ Ռուսիան Կ՛ըսէ, Նողկալի Է,  Իսկ Իրան Չափազանց Վատ Կերպով Կը Վարուի»

Թրամփ. «Այն, Ինչ Որ Ռուսիան Կ՛ըսէ, Նողկալի Է, Իսկ Իրան Չափազանց Վատ Կերպով Կը Վարուի»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ բուռն կերպով քննադատեց Ուքրանիոյ նկատմամբ Ռուսիոյ վարմունքը` զայն նկատելով «նողկալի»: Ան ընդգծեց, որ մտադիր է Մոսկուայի դէմ պատժամիջոցներ հաստատել, եթէ համաձայնութիւն չգոյանայ: Թրամփ Սպիտակ տան Ձուաձեւ գրասենեակին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին աւելցուց, որ վստահ չէ, եթէ պատժամիջոցները Ռուսիան պիտի զսպեն, եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին մինչեւ 8 օգոստոս ժամանակ տուաւ համաձայնութեան հասնելու, այլապէս տնտեսական...

Page 73 of 882 1 … 72 73 74 … 882

Արխիւներ