Քրտական ղեկավարութեամբ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը յայտարարեցին, թէ Դամասկոսի իշխանութիւններուն պատկանող խմբաւորումներ Հալէպի մէջ Շէյխ Մաքսուտի եւ Աշրաֆիէի մօտ իրենց պարեկութիւնը աշխուժացուցած են:
Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով նշեցին, որ Շէյխ Մաքսուտի եւ Աշրաֆիէի մերձակայքին մէջ պարեկութիւններն ու Հալէպի Տէյր Հաֆերի մէջ շարժումները զինադադարի խախտումներ են: