Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Թրամփ Պատրաստ Է Ալասքայի Մէջ Փութինի Եւ Զելենսքիի Մասնակցութեամբ Եռակողմ Վեհաժողով Գումարելու» Կ՛ըսէ Սպիտակ Տունը

August 12, 2025
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սպիտակ տան պաշտօնատարի մը համաձայն, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ պատրաստ է Ալասքայի մէջ կատարել եռակողմ վեհաժողով` Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի մասնակցութեամբ:

Բայց եւ այնպէս, պաշտօնատարը աւելցուցած է, որ ներկայիս Սպիտակ տունը կը ծրագրէ Փութինի հետ երկկողմանի հանդիպում` վերջինիս խնդրանքով:

Փութին մինչեւ հիմա բացառած է Զելենսքիի հետ հանդիպելու կարելիութիւնը, մինչդեռ վերջինս յայտարարած է, թէ պատրաստ է նման ուղիղ բանակցութիւններու:

Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ Տի Վենս ամերիկեան «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է, թէ Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ բանակցուած խաղաղութեան համաձայնագիրը, ամենայն հաւանականութեամբ, պիտի չբաւարարէ կողմերէն ոչ մէկուն, եւ Մոսկուան ու Քիեւը «պիտի մնան դժգոհ»:

Վենս ըսած է, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի փորձեն գտնել բանակցային լուծում, որ ընդունելի ըլլայ թէ՛ ուքրանացիներուն, թէ՛ ռուսերուն համար:

Վենս յայտնած է, թէ Միացեալ Նահանգներ կ՛աշխատին կազմակերպել Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի հանդիպումը:

Անոր կարծիքով` արդիւնաւէտ պիտի ըլլայ, եթէ Փութին Զելենսքիի հետ հանդիպի նախքան Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ իր հանդիպումը:

Թրամփ նախապէս յայտարարած էր, թէ 15 օգոստոսին Փութինի հետ հանդիպում պիտի ունենայ Ալասքայի մէջ:

Միացեալ Նահանգներու նախագահը նաեւ յայտարարած էր, թէ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ իր հանդիպումը Ռուսիոյ նախագահի Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի հետ հանդիպում ունենալու համաձայնութեամբ պայմանաւորուած չէ:

Նախորդը

Պասքեթպոլ. Լիբանանի Ազգային Խումբը Պարտութիւն Մը Եւս Կրեց. Այսօր` Լիբանան – Ճափոն

Յաջորդը

Նեթանիահու Եւ Թրամփ Քննարկած Են Կազայի Վրայ Իսրայէլեան Յարձակումի Ծրագիրները

RelatedPosts

Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Առին  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Ուքրանիա  Բանակցութիւնները
Գլխաւոր լուրեր

Ապու Տապիի Մէջ Ընթացք Առին Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Ուքրանիա Բանակցութիւնները

November 11, 2026
Ռեզայի. «Ժամանակն Է, Որ Միացեալ Նահանգները  Դադրեցնեն Իրանի Հետ Կեղծ Բանակցութիւններու  Մասին Կեղծ Նորութիւններ Տարածելը»
Միջազգային

Ռեզայի. «Ժամանակն Է, Որ Միացեալ Նահանգները Դադրեցնեն Իրանի Հետ Կեղծ Բանակցութիւններու Մասին Կեղծ Նորութիւններ Տարածելը»

November 11, 2026
Էրտողան. «Թուրքիան Դէպի Նոր Աշխարհիկ  Սահմանադրութիւն Կ՛ուղղուի»
Միջազգային

Էրտողան. «Թուրքիան Դէպի Նոր Աշխարհիկ Սահմանադրութիւն Կ՛ուղղուի»

November 11, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.