Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտարարեց. «Մենք տեւաբար Իրանի կողմէ անակնկալ յարձակումի կը պատրաստուինք»: Ան այս մասին յայտնեց իսրայէլեան «Այ 24» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին:
«Կը կարծեմ, որ մասնակի գործարքը մեր ետին մնաց: Բազմաթիւ անգամներ փորձեցինք, սակայն ի յայտ եկաւ, որ մեզ կը խաբեն», նշեց Նեթանիահու:
«Կ՛ուզեմ գերիներուն պատերազմին վերջ տալու ծիրին մէջ եւ մեր ճշդած պայմաններով վերատիրանալ», աւելցուց ան:
«Իմ նկատմամբ ձախէն ու աջէն վերապահութիւններ կան, սակայն որոշումը ես կու տամ, եւ բոլոր որոշումները, զորս տուի, ճիշդ էին: Երբ կը տեսնեմ, թէ իմ բոլոր պարտականութիւններս չեմ աւարտած, եւ տակաւին շատ պարտականութիւն ունիմ կատարելիք, ապա պիտի շարունակեմ», յայտնեց Իսրայէլի վարչապետը:
«Իսրայէլացի ժողովուրդը որոշեց, որ ներկայիս կրնամ իրագործել անվտանգութիւնը, կայունութիւնն ու խաղաղութիւնը», ըսաւ Նեթանիահու: