Իրանի Մէջ Առնուազն Եօթը Բնակավայր Աւերուած Է Երկրաշարժի Պատճառով
Իրանի առնուազն եօթը բնակավայրերու մէջ աւերներ եղած են երկրի հիւսիս-արեւելքին մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժին պատճառով: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութեան տուեալներով` երկրաշարժի կեդրոնը կը գտնուի Մեշհետ քաղաքէն 87 քիլոմեթր հարաւ-արեւելք գտնուող շրջանին մէջ: Երկրաշարժէն ետք արձանագրուած են հինգ յետցնցումներ, որոնցմէ ամէնէն ուժեղը` 6,1 աստիճան ուժգնութեամբ: Ատոր յաջորդած են 3,6 եւ 4,7 աստիճան ուժգնութեամբ յաւելեալ չորս...




















