Թրքական «տեմոքրաթհապեր» կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ 11-րդ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ եւս դէմ է սահմանադրական փոփոխութիւններուն եւ կառավարման նախագահական համակարգի որդեգրման:
Աղբիւրը կը յայտնէ, որ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան «քուլիսներուն մէջ» խօսակցութիւններ կան, որ երկրի նախկին նախագահը եւս դէմ է գործող նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի լիազօրութիւններու ընդլայնման:
Նշենք, որ Կիւլ մերժած է մասնակցիլ իշխող կուսակցութեան նախընտրական քարոզարշաւին, իսկ լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով նշած է, որ պիտի չխօսի իր քուէարկութեան մասին: