ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը համամիտ չէ Լեհաստանի դատախազութեան մեղադրանքներուն Սմոլենսքի արկածին առնչութեամբ, որուն ժամանակ մահացած էր Լեհաստանի նախագահ Լեշ Քաչինսքին:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտնած է, որ Ռուսիա կը վարէ իր սեփական հետաքննութիւնը դէպքին բացայայտման առնչութեամբ: «Ի հարկէ, բոլոր հանգամանքները մանրակրկիտ ուսումնասիրութեան կարիք ունին, սակայն լեհական կողմին այդպիսի վարմունքը կը վատթարացնէ պետութիւններու երկկողմանի յարաբերութիւնները», ընդգծած է ան` հաւաստելով, որ աշխատանքները կը շարունակուին դէպքին բացայայտման համար:
Լեհաստանի դատախազութիւնը մեղադրանք ներկայացուցած է Ռուսիոյ օդային տարածքին մէջ թռիչքները կառավարող ռուսերու եւ «երրորդ անձ»-ի դէմ, կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»` մանրամասնելով, որ անոնք կը մեղադրուին 2010-ին Սմոլենսքի մէջ Լեհաստանի նախագահ Լեշ Քաչինսքին փոխադրող «Թու-154» օդանաւի կործանումը միտումնաւոր կազմակերպելու յանցանքով: Այս մասին յայտարարած է Լեհաստանի ընդհանուր դատախազի տեղակալ Մարեք Փոշչենեք:
«Արդէն հաւաքուած են հետաքննութեան ծիրին մէջ ձեռք բերուած ապացոյցները, որոնք դատախազներուն կարելիութիւն տուած են նոր մեղադրանքներ ձեւակերպելու թռիչքները կառավարողներուն, ինչպէս նաեւ թռիչքներու կառավարման աշտարակին մէջ գտնուած երեք անձերու նկատմամբ` մեծ թիւով մարդոց կեանք խլած աղէտի միտումնաւոր կազմակերպման համար», Վարշաւայի մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ըսած է Փոշչենեք:
Յիշեցնենք, որ Վարշաւայէն թռիչք առած «Թու-154» օդանաւը, որուն մէջ կը գտնուէին Լեհաստանի նախագահ Լեշ Քաչինսքին, առաջին տիկինը, բազմաթիւ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, երկրի զինուորական գրեթէ ամբողջ բարձրագոյն հրամանատարութիւնը, հասարակական եւ կրօնական գործիչներ, ջախջախուած է Սմոլենսքի օդակայան էջք կատարելէ առաջ: Աղէտին պատճառով զոհուած են օդանաւին մէջ գտնուող 96 անձերը:
Թռիչքներու միջպետական յանձնախումբը աղէտին պատճառը նկատած էր անձնակազմի սխալը: