Միջազգային

Յեղաշրջման Փորձին Գործով.  Թուրքիոյ Մէջ Աւելի Քան 113 Հազար  Քաղաքացի Բերման Ենթարկուած Է

Յեղաշրջման Փորձին Գործով. Թուրքիոյ Մէջ Աւելի Քան 113 Հազար Քաղաքացի Բերման Ենթարկուած Է

Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը գրէ, որ Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլու յայտնած է, որ աւելի քան 113 հազար քաղաքացիներ բերման ենթարկուած են յուլիսին երկրին մէջ տեղի ունեցած յեղաշրջման ձախողած փորձէն ետք` իսլամական քարոզիչ Ֆեթհուլլա Կիւլենի ՖԵԹՕ կազմակերպութեան հետ կապեր ունենալու կասկածանքով: Ըստ նախարարին, կալանքի տակ գտնուած են 10.732 ոստիկաններ, 7.643 զինուորներ, 168 զօրավարներ, 2575 դատաւորներ եւ դատախազներ, 208 պաշտօնատար...

Լենին Մորենօ` Էքուատորի Նախագահ

Լենին Մորենօ` Էքուատորի Նախագահ

Էքուատորի մէջ կիրակի օր տեղի ունեցած նախագահական ընտրութեան յաղթած է ձախակողմեան թեկնածու Լենին Մորենօ: Անոր մրցակիցն էր դրամատան նախկին սեփականատէր, պահպանողական Կիյերմօ Լասսօ: Թէեւ տակաւին չեն յայտարարուած ընտրութիւններուն պաշտօնական արդիւնքները, սակայն գործող ձախակողմեան նախագահ Ռաֆայէլ Քորէա «Թուիթըր»-ի իր էջին մէջ գրած է, որ Մորենոյի յաղթանակը անշրջելի է, որովհետեւ անոր եւ իր մրցակիցին ստացած ձայներու թիւին տարբերութիւնը անցած է 200 հազարը:

«Մոլտովա Կրնայ Դուրս Գալ ԱՊՀ-Էն»  Կը Գրէ «Նեզաւիսիմայա Կազեթա»

«Մոլտովա Կրնայ Դուրս Գալ ԱՊՀ-Էն» Կը Գրէ «Նեզաւիսիմայա Կազեթա»

Մոլտովայի մէջ եւրոպամէտ իշխող համախմբական կառավարութիւնը պատրաստ է երկիրը դուրս բերելու ԱՊՀ-ի կազմէն: ԱՊՀ-ի անդամակցութեան համաձայնագիրը չեղեալ յայտարարելու կարելիութեան մասին յայտարարած է խորհրդարանի նախագահ Անտրիան Քանտուն, կը հաղորդէ «Նեզաւիսիմայա Կազեթա»` աւելցնելով, որ եթէ խորհրդարանի նախագահը այդ քայլին նախաձեռնէ, խորհրդարանը պիտի աջակցի անոր: Նոյն ատեն, խորհրդարանի անդամ Վլատիմիր Ցուրքան ռուսական օրաթերթին յայտնած է, որ նախագահ Իկոր Տոտոն 3-4 ապրիլին պիտի ստորագրէ...

Պերլին. «Թրքական Իշխանութիւնները Կը Շարունակեն Գերմանիոյ Ներկայացուցիչներուն Արգիլել Հանդիպիլ Եուճելի Հետ»

Գերմանական «Տէօչէ Վելլէ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը յայտնած է, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները կը շարունակեն Գերմանիոյ դիւանագիտական ներկայացուցիչներուն արգիլել հանդիպիլ գերմանական «Տի Վելթ» օրաթերթի Թուրքիոյ մէջ ձերբակալուած լրագրող Տենիզ Եուճելի հետ: Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը նշած է, որ այս իրողութիւնները «մտահոգիչ է եւ զայրացնող»: Ան ընդգծած է, որ իրենք պիտի շարունակեն Թուրքիոյ իշխանութիւններէն պահանջել...

Էրտողան Ինքզինք «Ազատութիւններու  Եւ Խաղաղութեան Պահապան» Կոչած Է

Էրտողան Ինքզինք «Ազատութիւններու Եւ Խաղաղութեան Պահապան» Կոչած Է

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան 16 ապրիլին տեղի ունենալիք սահմանադրական փոփոխութիւններուն վերաբերող հանրաքուէի նախօրեակին կը փորձէ շահիլ քիւրք քաղաքացիներուն վստահութիւնը: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ քրտաբնակ Տիգրանակերտ քաղաքին մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ Էրտողան ինքզինք կոչած է «ազատութիւններու եւ խաղաղութեան պահապան»: «ՌԻԱ Նովոսթի» իր կարգին կը հաղորդէ, որ Էրտողան Անգարայի մէջ տեղի ունեցած հանրահաւաքի մը ընթացքին ըսած է. «Գիտէ՞ք...

Ըստ Ճէյմս Մեթիսի.  Իրան Կը Շարունակէ Հովանաւորել  Ահաբեկչութիւնը

Ըստ Ճէյմս Մեթիսի. Իրան Կը Շարունակէ Հովանաւորել Ահաբեկչութիւնը

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Ճէյմս Մեթիս Լոնտոնի մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարած է, որ Իրան կը շարունակէ գործել իբրեւ ահաբեկչութիւն «արտածող» եւ հովանաւորող երկիր: Երբ լրագրողներէն մէկը Մեթիսէն խնդրած է մեկնաբանել 2012-ին կատարած «Միացեալ Նահանգները ունին երեք հիմնական վտանգ` Իրան, Իրան, Իրան» յայտարարութիւնը, ան պատասխանած է, որ տարիներ անցած են, սակայն Իրանի վարած քաղաքականութիւնը չէ փոխուած: «Այդ ժամանակ, երբ...

«Թուրքիան Ամէնուր Պիտի Հետապնդէ  Քիւրտ Զինեալները»  Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

«Թուրքիան Ամէնուր Պիտի Հետապնդէ Քիւրտ Զինեալները» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտարարած է, որ երկիրը կը պայքարի եւ պիտի շարունակէ պայքարիլ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան դէմ` թէ՛ Թուրքիոյ տարածքին, թէ՛ ալ երկրին սահմաններէն դուրս: Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Չաւուշօղլու նշած է, թէ «Թուրքիոյ անվտանգութեան սպառնացող» քրտական խմբաւորման անդամներուն դէմ երկրի համապատասխան մարմինները կը պայքարին բոլոր այն երկիրներուն մէջ, ուր վերջիններս կը ծաւալեն իրենց գործունէութիւնը:...

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց  Փոխնախարարը Պիտի Այցելէ Թուրքիա

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Փոխնախարարը Պիտի Այցելէ Թուրքիա

«Սփութնիք» լրատու գործակալութեան թրքական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Թամըս Շենըն պիտի այցելէ Թուրքիա: Ան 3-4 ապրիլին պիտի այցելէ Անգարա եւ հանդիպում ունենայ Թուրքիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ումիթ Եալչընի հետ: Կ՛ակնկալուի, որ հանդիպումի ընթացքին քննարկուին երկկողմ յարաբերութիւններն ու շրջանային կարեւոր հարցեր: Յիշեցնենք, որ հինգշաբթի օր Թուրքիա այցելած էր Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն:

«Ասատի Տապալումը Այլեւս  Մեր Առաջնահերթութիւնը Չէ»  Կ՛ըսէ Հէյլի

«Ասատի Տապալումը Այլեւս Մեր Առաջնահերթութիւնը Չէ» Կ՛ըսէ Հէյլի

ՄԱԿ-ի մօտ Միացեալ Նահանգներու մնայուն դեսպան Նիքի Հէյլի յայտնեց, որ Սուրիոյ վերաբերեալ իր երկրին քաղաքականութիւնը այլեւս չէ կեդրոնացած Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի իշխանութենէն հեռացման վրայ: «Մարդ իր մղելիք ճակատամարտները կը ճշդէ... եւ երբ այդ հարցին կը նայինք, կը տեսնենք, որ առաջնահերթութեանց կը վերաբերի... մեր առաջնահերթութիւնը այլեւս նստիլ եւ Ասատի հեռացման վրայ կեդրոնանալը չէ», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Մեր առաջնահերթութիւնը գործը կատարելն...

«Իրաքի Քիւրտերը Մօտիկ Ապագային Կրնան  Անկախութեան Հանրաքուէ Կատարել»  Կ՛ըսէ Պարզանի

«Իրաքի Քիւրտերը Մօտիկ Ապագային Կրնան Անկախութեան Հանրաքուէ Կատարել» Կ՛ըսէ Պարզանի

Քրտական «Ռուտաու» կայքը կը հաղորդէ, որ Հիւսիսային Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի նախագահ Մասուտ Պարզանի ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի հետ հանդիպումին ընթացքին յայտարարած է, որ Իրաքի քիւրտերը կրնան մօտիկ ապագային անկախութեան շուրջ հանրաքուէ կատարել: Աղբիւրը կը նշէ, որ Պարզանի լուրը Կութիերեսին յայտնած է անձամբ, եւ շեշտած, որ կը փափաքի, որ ՄԱԿ-ը այդ մէկը լսէ ինքնին իրմէ: «Թող ամբողջ աշխարհը տեղեակ...

Միացեալ Նահանգներու Շարք Մը Ծերակուտականներ  Կոչ Կ՛ուղղեն Ստուգելու Պաքուի Մէջ Թրամփի  Ընկերութեան Գործունէութիւնը

Միացեալ Նահանգներու Շարք Մը Ծերակուտականներ Կոչ Կ՛ուղղեն Ստուգելու Պաքուի Մէջ Թրամփի Ընկերութեան Գործունէութիւնը

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով ամերիկեան լրատուամիջոցները, կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու շարք մը ծերակուտականներ նամակ գրած են երկրի գլխաւոր դատախազին, «Էֆ.Պի.Այ.»-ի տնօրէնին ու ելեւմուտքի նախարարին` կոչ ուղղելով հետաքննելու Տանըլտ Թրամփի ընկերութեան գործունէութիւնը Ազրպէյճանի մէջ` փտածութեան եւ իրանեան Յեղափոխութեան պահակագունդին հետ կապերու կասկածանքին առնչութեամբ: Ծերակուտականներ Շերոտ Պրաուն, Տայեն Ֆայնշթայն եւ Պեն Քարտին իրենց ստորագրած նամակով կոչ կ՛ուղղեն վերոնշեալ անձերուն ստուգելու Պաքուի...

«Թուրքիան Գործի Պիտի Լծուի Թրքական  «Հալք» Դրամատան Բարձրաստիճան Պաշտօնատարին  Միացեալ Նահանգներու Մէջ Ձերբակալման Հարցով»  Կ՛ըսէ Էրտողանի Խորհրդականը

«Թուրքիան Գործի Պիտի Լծուի Թրքական «Հալք» Դրամատան Բարձրաստիճան Պաշտօնատարին Միացեալ Նահանգներու Մէջ Ձերբակալման Հարցով» Կ՛ըսէ Էրտողանի Խորհրդականը

Թուրքիոյ նախագահի խորհրդականներէն մէկը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ իր երկիրը դրամատան մը բարձրաստիճան թուրք պաշտօնատարի մը Միացեալ Նահանգներու մէջ ձերբակալման հարցով պիտի որդեգրէ անհրաժեշտ դիւանագիտական եւ իրաւաբանական միջոցառումները: Լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ամերիկեան իշխանութիւնները թրքական «Հալք» դրամատան բարձրաստիճան պաշտօնատարը ամբաստանած է ոսկիի առեւտրական թուրք-իրանցի Ռիտա Տարրապի հետ մեղսակցութեան յանցանքով: Վերջինս ներկայիս դատի կ՛ենթարկուի: Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարար Պեքիր...

Էրտողանի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք.  «Շրջանի Կացութիւնը Քայքայելու Իրանի  Կարողութիւնը Սահմանափակելը Թուրք-Ամերիկեան  Միացեալ Նպատակ Մըն Է»  Յայտարարեց Թիլըրսըն

Էրտողանի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք. «Շրջանի Կացութիւնը Քայքայելու Իրանի Կարողութիւնը Սահմանափակելը Թուրք-Ամերիկեան Միացեալ Նպատակ Մըն Է» Յայտարարեց Թիլըրսըն

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ իր հանդիպումէն ետք  յայտարարեց, որ «Ասատի ճակատագիրը կը ճշդէ սուրիացի ժողովուրդը»` աւելցնելով, որ ինք թուրք ղեկավարներուն հետ քննարկած է «Սուրիոյ մէջ տեղահանուածներուն համար կայուն շրջաններու ստեղծումը»: Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը նաեւ յայտարարեց. «Շրջանի կացութիւնը քայքայելու Իրանի կարողութիւնը սահմանափակելը Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միացեալ նպատակն է»: Էրտողան իր կարգին...

Ռուսիան Ու Թուրքիան Պիտի Շարունակեն  Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարի Ծիրին Մէջ Իրենց  Համագործակցութիւնը Սուրիոյ Մէջ

Ռուսիան Ու Թուրքիան Պիտի Շարունակեն Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարի Ծիրին Մէջ Իրենց Համագործակցութիւնը Սուրիոյ Մէջ

Ռուսիան ու Թուրքիան պիտի շարունակեն ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ծիրին մէջ իրենց համագործակցութիւնը Սուրիոյ մէջ, եւ այդ համագործակցութիւնը պիտի շարունակուի մինչեւ ահաբեկիչներու ամբողջական ջախջախումը: Այս մասին «ՌԻԱ Նովոսթի»-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ դաշնակցային խորհուրդի միջազգային հարցերու յանձնախումբի նախագահ Քոնսթանթին Քոսաչեւ: Մեկնաբանելով Սուրիոյ հիւսիսը թրքական բանակին շղթայազերծած «Եփրատի վահան» գործողութեան աւարտի մասին լուրը` Քոսաչեւ նշած է, որ ատիկա դրական զարգացում...

Մէյ Եւրոպացիներուն Բաց Նամակ Ուղարկած Է  «Պրեքզիթ»-էն Ետք Եւրոպական Միութեան Հետ  Յարաբերութիւններու Մասին

Մէյ Եւրոպացիներուն Բաց Նամակ Ուղարկած Է «Պրեքզիթ»-էն Ետք Եւրոպական Միութեան Հետ Յարաբերութիւններու Մասին

Բրիտանիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյ եւրոպական երկիրներու քաղաքացիներուն ուղարկած է բաց նամակ մը, որուն մէջ ընդգծած է «Պրեքզիթ»-էն ետք Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւններու պահպանման կարեւորութիւնը: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Մէյ «Այրիշ Թայմզ» օրաթերթին մէջ հրապարակուած իր նամակին մէջ ընդգծած է. «Մենք կը ձգենք Եւրոպական Միութիւնը, սակայն չենք ձգեր Եւրոպան, մենք կ՛ուզենք մնալ հաւատարիմ գործընկեր եւ դաշնակիցներ Իրլանտայի եւ ցամաքամասի մեր...

Գերմանիոյ Դատախազութիւնը Կը Հետաքննէ  Թուրքիոյ Գաղտնի Սպասարկութեան  Լրտեսական Գործունէութեան Մասին Տեղեկութիւնները

Գերմանիոյ Դատախազութիւնը Կը Հետաքննէ Թուրքիոյ Գաղտնի Սպասարկութեան Լրտեսական Գործունէութեան Մասին Տեղեկութիւնները

  Գերմանիոյ դաշնակցային դատախազութիւնը հետաքննութեան սկսած է Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութեան` ՄԻԹ-ի կողմէ Գերմանիոյ տարածքին կիւլենականները լրտեսելու մասին մեղադրանքներուն առնչութեամբ: Ինչպէս կը հաղորդէ, «Արմէնփրես», այս մասին կը յայտնէ գերմանական «Տէօչէ Վելլէ» գործակալութիւնը: Դատախազութեան բանբերը յայտնած է, որ հետաքննութեան յաջողութիւնը կախեալ է գերմանական հետախուզական ծառայութեան կողմէ իրենց տրամադրուելիք տեղեկութիւններէն: Թրքական կողմէն Գերմանիոյ մէջ հետախուզական գործունէութիւն ծաւալելու մասին լուրերը խստօրէն դատապարտած է Գերմանիոյ...

Յորդանանի Մէջ Արաբական Վեհաժողովը  Շեշտը Դրաւ Սուրիոյ Հողային  Ամբողջականութեան Ու Ահաբեկչութեան  Վնասազերծման Վրայ

Յորդանանի Մէջ Արաբական Վեհաժողովը Շեշտը Դրաւ Սուրիոյ Հողային Ամբողջականութեան Ու Ահաբեկչութեան Վնասազերծման Վրայ

Յորդանանի Մեռեալ ծովու շրջանին մէջ երէկ գումարուած Արաբական 28-րդ վեհաժողովի աւարտի հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ պաղեստինեւիսրայէլեան խաղաղութեան բանակցութիւնները պէտք է շարունակուին «երկու պետութիւններ»-ու սկզբունքին եւ իբրեւ ռազմավարական ընտրանք խաղաղութեան կառչած մնալու հիման վրայ, պայմանով որ ամբողջական կերպով վերջ գտնէ պաղեստինեան եւ արաբական հողերուն բռնագրաւումը: Հաղորդագրութիւնը նաեւ շեշտեց, որ պաղեստինցի ժողովուրդին պէտք է արտօնուի կիրարկել իր իրաւունքները, ներառեալ ինքնորոշման իրաւունքն ու...

Բրիտանիոյ Վարչապետը Գործարկեց  «Պերքզիթ»-ի Ընթացակարգը

Բրիտանիոյ Վարչապետը Գործարկեց «Պերքզիթ»-ի Ընթացակարգը

Բրիտանիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյ ստորագրած է այն նամակը, որով Եւրոպական Միութեան իշխանութիւններուն կը ծանուցուի Եւրոպական Միութենէն դուրս գալու ընթացակարգի պաշտօնական գործարկման մասին: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը: Ծանուցագիրը Բրիտանիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Թիմ Պարոուի կողմէ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Տոնալտ Թուսքին յանձնուեցաւ: Բրիտանիոյ իշխանութիւնները կ՛երաշխաւորեն երկրին մէջ ապրող Եւրոպական Միութեան քաղաքացիներու իրաւունքները: Աւելի ուշ, Մէյ խորհրդարանին մէջ խօսք մը արտասանելով...

Գերմանիա Ինճիրլիքին  Այլընտրանք Կը Փնտռէ

Գերմանիա Ինճիրլիքին Այլընտրանք Կը Փնտռէ

Գերմանական «Տի Վելթ» օրաթերթը կը գրէ, որ Գերմանիան թրքական «Ինճիրլիք» ռազմակայանին այլընտրանք կը փնտռէ: Օրաթերթը կը նշէ, որ թուրք-գերմանական յարաբերութիւններուն մէջ ստեղծուած վերջին ճգնաժամէն ետք, Գերմանիոյ Ձախերու կուսակցութեան անդամները Պունտըսթակին առաջարկած են գերմանական կործանիչները հեռացնել Ինճիրլիքէն եւ այլընտրանք փնտռել շրջանի այլ ռազմակայաններու ծիրին մէջ: Յայտնի է, որ այդ այլընտրանքը կրնայ ըլլալ Կիպրոսի, Յորդանանի կամ Քուէյթի տարածքին գտնուող ռազմակայաններուն մէջ: Կը...

Page 713 of 883 1 … 712 713 714 … 883

Արխիւներ