Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրասիական Տնտեսական Միութիւնը Եւ Մոլտովան Համագործակցութեան Եւ Փոխըմբռնման Յուշագիր Ստորագրած Են

Ապրիլ 6, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովի (ԵՏՅ)նախագահ Տիգրան Սարգսեանի եւ Մոլտովայի նախագահ Իկոր Տոտոնի` Քիշնեւի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ժամանակ քննարկուած են առեւտրատնտեսական համագործակցութեան ընդլայնման առնչուող հարցեր: Այս մասին «Արմէնփրես»-ին յայտնած են ԵՏՅ-ի մամլոյ ծառայութենէն:

Տիգրան Սարգսեան ընդգծած է, որ մոլտովական ապրանքները բաւական յայտնի են Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵՏՄ) տարածքին մէջ, իսկ մոլտովացի գործարարները կարելիութիւն ունին դէպի ԵՏՄ անդամ երկիրներ արտածման ընդլայնման առումով:

«Մենք տնտեսական միութիւն ենք եւ կը ձգտինք հասնելու չորս ազատութիւններուն` ապրանքներու ու ծառայութիւններու, աշխատաւորական ուժի եւ ելեւմտական ներուժի ազատ տեղաշարժին: ԵՏՄ-ի անդամ երկիրներուն մէջ կ՛ապրին եւ կ՛աշխատին Մոլտովայի մեծ թիւով քաղաքացիներ, իսկ մեր առեւտուրի մարզը կ՛ուզէ աշխուժ առեւտուրի մէջ ըլլալ հանրապետութեան հետ», նշած է Տիգրան Սարգսեան:

Մոլտովայի նախագահն ալ իր կարգին նշած է, որ վերջին տարիներուն ընթացքին հանրապետութեան մէջ աշխուժօրէն քննարկուած է ԵՏՄ-ի հետ համագործակցութեան հաւանական ձեւաչափը: Մոլտովան ԱՊՀ-ի անդամ երկիրներուն հետ ունի ազատ առեւտուրի համաձայնագիր, սակայն անհրաժեշտ է փնտռել նաեւ ԵՏՄ հետ տնտեսական համագործակցութեան ամրապնդման նոր ձեւաչափեր:

Տոտոն ընդգծած է, որ այդ հարցին մէջ Համագործակցութեան եւ փոխըմբռնման յուշագիրի ստորագրումը կարեւոր քայլ է, որ կ՛արտօնէ մոլտովական առեւտուրի մարզին պահպանել այս տարիներու ընթացքին ձեռք բերած դիրքերը:

Կողմերը յուշագիրը ստորագրած են հանդիպումին աւարտին: Մեկնաբանելով այս փաստաթուղթի ստորագրումը` Տիգրան Սարգսեան ընդգծած է, որ անիկա համագործակցութեան միայն կառուցողական բաղադրիչներ ընդգծող փաստաթուղթ է: «Մեր դիրքորոշումը այն է, որ Եւրոպական Միութեան եւ ԵՏՄ-ի հետ յարաբերութիւնները պէտք է զիրար փոխլրացնեն եւ ոչ թէ զիրար բացառեն», ընդգծած է Տիգրան Սարգսեան:

Իկոր Տոտոն եւ Տիգրան Սարգսեան նաեւ մասնակցած են Քիշնեւի մէջ «Եւրասիական տնտեսական միութիւն. կարելիութիւններ եւ հեռանկարներ» նիւթով ֆորումի բացումին:

 

Նախորդը

«Թուրքիոյ Կառավարութեան Ձեռնարկած Քայլերը Ժողովրդավարութեան Դէմ Յեղաշրջում Են» Կ՛ըսէ Լամմերթ

Յաջորդը

Մէյ Պատրաստ Է «Պրեքզիթ»-էն Ետք Երկարաձգելու Եւրոպական Միութեան Քաղաքացիներուն Բրիտանիա Ազատ Մուտքի Իրաւունքը

RelatedPosts

Ալիեւ. «Մենք Մեր Նահատակներուն Գնով  Ապահովեցինք ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի  Չորս Բանաձեւերու Իրականացումը»
Միջազգային

Ալիեւ. «Մենք Մեր Նահատակներուն Գնով Ապահովեցինք ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի Չորս Բանաձեւերու Իրականացումը»

Հոկտեմբեր 3, 2023
ՔԱԿ Ստանձնեց Թուրքիոյ Ներքին Գործոց  Նախարարութեան Վրայ Յարձակումի  Պատասխանատուութիւնը
Միջազգային

ՔԱԿ Ստանձնեց Թուրքիոյ Ներքին Գործոց Նախարարութեան Վրայ Յարձակումի Պատասխանատուութիւնը

Հոկտեմբեր 2, 2023
Ապտոլլահեան. «Հայաստանի Անվտանգութիւնը  Կը Նկատենք Իրանի Անվտանգութիւնը»
Միջազգային

Ապտոլլահեան. «Աշխարհագրութեան, Դրացնութեան Քաղաքականութեան, Պատմութեան Վրայ Հիմնուած Համագործակցութիւնը Կրնայ Ապահովել Շրջանի Խաղաղութիւնը»

Սեպտեմբեր 26, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In