Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Թուրքիոյ Կառավարութեան Ձեռնարկած Քայլերը Ժողովրդավարութեան Դէմ Յեղաշրջում Են» Կ՛ըսէ Լամմերթ

April 6, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պունտըսթակի նախագահ Նորպերթ Լամմերթ յայտնած է, որ Թուրքիոյ մէջ զինուորական ձախողած յեղաշրջման փորձին յաջորդած ժամանակաշրջանին մէջ թրքական կառավարութեան կողմէ ձեռնարկուած քայլերը «ժողովրդավարութեան դէմ յեղաշրջում են»: Այդ մասին կը հաղորդէ «Սփութնիք»-ի թրքական ծառայութիւնը:

Լամմերթ նշած է, որ Էրտողանն ու Թուրքիոյ կառավարութիւնը ծրագրած են երկրին մէջ ժողովրդավարական համակարգը վերածել բռնապետականի: Ան յայտնած է, որ Էրտողանի ձեռնարկած քայլերը դէմ են երկրի սահմանադրութեան:

«Գոյութիւն ունի այն վտանգը, որ երկրորդ յեղաշրջումը կրնայ յաջողութեամբ աւարտիլ», նշած է Լամմերթ:

Գերմանիոյ Ձախերու կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար Սահրա Վակենքնեհթ իր կարգին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը անուանած է «ահաբեկիչներու ղեկավար»:

Անդրադառնալով Էրտողանի այն յայտարարութեան, թէ «եթէ այսպէս շարունակուի, ոչ մէկ եւրոպացի պիտի կարենայ անվտանգ ու խաղաղ քալել փողոցէն», Սահրա Վակենքնեհթ այդ յայտարարութիւնը որակած է իբրեւ «ահաբեկչութեան ուղղուած բացայայտ կոչ»: «Այդպիսի բան ըսողը ոչ այլ ինչ է, քան ահաբեկիչ», յայտարարած է ան:

Ան խօսած է նաեւ Թուրքիոյ ղեկավարութեան կողմէ Գերմանիոյ հասցէին հնչեցուած նացիական մեղադրանքներուն մասին` ըսելով, որ ատիկա թրքական պետութիւնն է, որ իր քաղաքականութեամբ կը յիշեցնէ նացիական Գերմանիան:

Միւս կողմէ, «Սիւտէօչէ Ցայթունկ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ հետախուզական կոմիտէն` կազմելով Գերմանիոյ մէջ բնակող կիւլենականներու ցուցակը, որոշ ժամանակ առաջ զայն փոխանցած է Գերմանիոյ համապատասխան մարմիններուն: Սակայն Գերմանիան ոչ թէ օգնած է վերահսկելու այդ անձերը, այլ ընդհակառակն` զգուշացումներ յղած է տուեալ քաղաքացիներուն եւ կոչ ուղղած հեռու մնալու Թուրքիոյ հիւպատոսարաններէն ու դեսպանատուներէն, որոնց միջոցով զիրենք կրնան լրտեսել:

 

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Եւրասիական Տնտեսական Միութիւնը Եւ Մոլտովան Համագործակցութեան Եւ Փոխըմբռնման Յուշագիր Ստորագրած Են

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.