Գերմանական «Պիլտ ամ Սոննթակ» թերթը Թուրքիոյ մէջ տեղի ունենալիք սահմանադրական հանրաքուէին վերաբերեալ հարցուցած է Պունտըսթակի ծագումով թուրք երեսփոխաններուն տեսակէտները: Վերջիններս իրենց մեկնաբանութիւններուն մէջ կոչ ուղղած են պահպանելու ժողովրդավարութիւնն ու ազատութիւնները:
Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութեան երեսփոխան Ճանսել Քըզըլթեփէ նշած է. «Բոլորս պէտք է պաշտպանենք ժողովրդավարական արժէքները եւ մեր ձայնը բարձրացնենք յանուն խօսքի ազատութեան»:
Կանաչներու կուսակցութեան համանախագահ Ճեմ Էօզտեմիր` դիմելով գերմանաբնակ թուրքերուն, որոնք եւս ընտրելու իրաւունք ունին, կոչ ուղղած է դէմ քուէարկելու սահմանադրական փոփոխութեան` ըսելով. «Այստեղ ձեր ունեցած ազատութիւնը մի՛ խլէք Թուրքիա գտնուող ձեր ընտանիքներուն ու ընկերներուն ձեռքէն»:
«Ոչ» ըսելու կոչ ուղղած է նաեւ Կանաչներու կուսակցութեան երեսփոխան Էօզճան Մութլու: «Այո» ըսէք ժողովրդավարութեան` «ոչ» ըսելով սահմանադրական հանրաքուէին», նշած է ան:
Թուրքիոյ մէջ 16 ապրիլին տեղի ունենալիք սահմանադրական հանրաքուէին արտերկրի մէջ բնակող քաղաքացիներու քուէարկութիւնը արդէն սկսած է: Գերմանիոյ մէջ հոլովոյթը սկսած է 27 մարտին: Գերմանիոյ մէջ քուէարկելու իրաւունք ունին Թուրքիոյ 1 միլիոն 400 հազար քաղաքացիներ, որոնք կրնան Գերմանիոյ 13 քաղաքներու մէջ քուէարկել մինչեւ 9 ապրիլ:



