Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ասատի Դատական Հետապնդումը Պիտի Մնայ Մեր Առաջնահերթութիւններէն Մէկը» Կ՛ըսէ Հէյլի

April 4, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱԿ-ի մօտ Միացեալ Նահանգներու մնայուն դեսպան Նիքի Հէյլի, ետդարձ կատարելով Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի ճակատագիրին վերաբերեալ իր նախորդ յայտարարութենէն, յայտնեց. «Պատերազմի այդ ոճրագործը կը շարունակէ միշտ մնալ Ուաշինկթընի առաջնահերթութիւններէն մէկը»:

«Ասատը միշտ առաջնահերթութիւն է, պատերազմի ոճրագործ է եւ կրնայ իր ժողովուրդին դէմ ահաւոր արարքներ գործել, անոր դէմ քիմիական զէնքեր օգտագործել եւ կը շարունակէ Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան ու ամերիկեան վարչակազմին դիմաց ուժեղ արգելք մը ըլլալ», նշեց ան` աւելցնելով. «Ամերիկեան վարչակազմը Ասատի վերաբերեալ իր այս կեցուածքին կողքին պէտք է սկսի ճնշում բանեցնել Ռուսիոյ եւ Իրանի վրայ` Իրանը Սուրիայէն դուրս բերելու եւ այդտեղ իրանեան ազդեցութենէն ձերբազատելու համար»:

«Նպատակը Ասատը արդարադատութեան յանձնելն է», շեշտեց Հէյլի` նշելով. «Կ՛ուզենք, որ իր գործած ոճիրներուն գինը վճարէ: Պիտի շարունակենք ռուսերը համոզել Ասատը իշխանութեան վրայ պահելու վտանգին վերաբերեալ»:

Ան ըսաւ, որ իր երկիրը պիտի շարունակէ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարիլ եւ պիտի փորձէ շրջանին մէջ կայունութիւնը վերականգնել: «Պէտք չէ ասոր եւ անոր միջեւ ընտրութիւն կատարենք», ըսաւ ան` նշելով. «Ասատը թերեւս (իշխանութենէն) պիտի չհեռանայ, սակայն պիտի չդադրինք զինք հարուածելէ եւ ընդգծելէ, որ Սուրիոյ ժողովուրդին հետ իր վարուելակերպը սխալ է, որ իսկութեան մէջ իր ժողովուրդը կը սպաննէ եւ Ամերիկան ատիկա պիտի չընդունի»:

 

 

Նախորդը

Ս. Փեթերսպուրկի Մէջ Պայթում

Յաջորդը

«Թուրքիան Կ՛ուզէ Ազրպէյճանի Հետ Կովկասի Մէջ Կարեւոր Դերակատար Դառնալ» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

RelatedPosts

Մինչ Ուաշինկթըն Միջին Արեւելքի Մէջ  Իր Քաղաքացիները Զգուշացուց.  Թրամփ Արձակուրդը Անակնկալ Կերպով  Կրճատելով Վերադարձաւ Սպիտակ Տուն
Միջազգային

Մինչ Ուաշինկթըն Միջին Արեւելքի Մէջ Իր Քաղաքացիները Զգուշացուց. Թրամփ Արձակուրդը Անակնկալ Կերպով Կրճատելով Վերադարձաւ Սպիտակ Տուն

September 21, 2026
Ռիտայի. «Ամերիկեան Կառավարութեան  Որեւէ Բանակցութիւն Սկսելու Իրանեան  7 Պայմաններ Փոխանցուեցան»
Միջազգային

Ռիտայի. «Ամերիկեան Կառավարութեան Որեւէ Բանակցութիւն Սկսելու Իրանեան 7 Պայմաններ Փոխանցուեցան»

September 21, 2026
Կրինլանտն Ու Դանիան Միացեալ Նահանգներու Հետ  Համաձայնութիւն Պիտի Ստորագրեն
Միջազգային

Կրինլանտն Ու Դանիան Միացեալ Նահանգներու Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Ստորագրեն

September 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.