Միջազգային

Պահչելի. «Շատ Սուղ Պիտի Վճարեն».  «Շատ Պիտի Զղջան» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Պահչելի. «Շատ Սուղ Պիտի Վճարեն». «Շատ Պիտի Զղջան» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովին (ԵԽԽՎ) կողմէ Թուրքիոյ նկատմամբ քաղաքական հսկողութեան վերսկսման որոշումէն ետք քննադատելով ԵԽԽՎ-ն յայտարարած է, որ Եւրոպական միութիւնը երկակի խաղ կը խաղայ: Թրքական «Տիքեն» կայքը կը հաղորդէ, որ Չաւուշօղլու ըսած է. «Անոնք չեն ուզեր թոյլ տալ, որ մուտք գործենք, սակայն նոյն ատեն չեն ալ ուզեր մեզմէ հեռանալ: Անոնք տակաւին շատ պիտի զղջան»:...

Իսրայէլ Դամասկոսի Օդակայանին  Մօտ Թիրախներ Հարուածած Է

Իսրայէլ Դամասկոսի Օդակայանին Մօտ Թիրախներ Հարուածած Է

Սուրիական պետական լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ իսրայէլեան հրթիռակոծում մը Դամասկոսի միջազգային օդակայանին մօտ գտնուող զինուորական դիրքի մը մէջ մեծ պայթում ու հրդեհ յառաջացուցած է: ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ վնասուած են վառելանիւթի շտեմարան մը եւ պահեստանոցներ: «Պի.Պի.Սի.» հաղորդեց, որ ըստ սուրիական ընդդիմադիր աղբիւրներու, իսրայէլեան հրթիռակոծման թիրախը Հըզպալլայի պատկանող զէնքի պահեստանոց մըն էր: Աղբիւրներ «Մայատին»-ին յայտնած են, որ հրթիռները արձակուած են բռնագրաւուած...

Ռուսական Մարտանաւ Մը Ընկղմած Է  Թուրքիոյ Ափերուն Մօտ

Ռուսական Մարտանաւ Մը Ընկղմած Է Թուրքիոյ Ափերուն Մօտ

«Պի.Պի.Սի.»-ի ռուսական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ սեւծովեան նաւատորմիղին մաս կազմող «Լիման» հետախուզական նաւը խորտակուած է Թուրքիոյ ափերուն մօտ` բեռնատար նաւու մը հետ բախումէն ետք: Թրքական լրատուամիջոցները, վկայակոչելով սահմանապահ ծառայութիւնը, կը յայտնեն, որ ռուսական նաւու անձնակազմի 78 անդամները փրկուած են: Նախապէս հաղորդուած էր, որ 15 նաւաստիներ կորսուած են: Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդումով` բախումը տեղի ունեցած է Սեւ ծովու հարաւարեւմտեան հատուածին...

Բրիտանիոյ Խորհրդարանին Մօտ Ձերբակալուեցաւ Ահաբեկիչ Մը

Բրիտանիոյ Խորհրդարանին Մօտ Ձերբակալուեցաւ Ահաբեկիչ Մը

Երէկ դանակով զինուած մարդ մը ձերբակալուեցաւ Բրիտանիոյ խորհրդարանին մօտ: 20-ամեայ տղան ձերբակալուեցաւ զինեալ ոստիկանութեան կողմէ` խորհրդարանի մօտ գաղտնի սպասարկութեան ղեկավարութեամբ գործողութեան մը ընթացքին: «Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ ականատես մը գետինը երկու մեծ դանակներ տեսած է: Բրիտանական ոստիկանութիւնը յայտարարեց, որ անձ մը ձերբակալուած է զէնք կրելու եւ «ահաբեկչական արարքներու գործադրութեան, պատրաստութեան եւ հրահրումի կասկածով»: Դէպքը տեղի ունեցաւ Բրիտանիոյ վարչապետարանին մօտ, հակառակ...

Հարիւրաւոր Ֆրանսացիներ Փարիզի Մէջ  Ցոյց Կատարեցին Լը Փենի Եւ Մաքրոնի Դէմ

Հարիւրաւոր Ֆրանսացիներ Փարիզի Մէջ Ցոյց Կատարեցին Լը Փենի Եւ Մաքրոնի Դէմ

Հարիւրաւոր ֆրանսացիներ երէկ Փարիզի մէջ ցոյց կատարեցին` բողոքելով Ֆրանսայի նախագահի ընտրութեան առաջին փուլի արդիւնքին դէմ: Անոնց բարձրացուցած պաստառներուն վրայ գրուած էր «Ո՛չ Մաքրոնին եւ ո՛չ Լը Փենին»: Ցոյցերուն պատճառով ամբողջովին կամ մասամբ փակուեցան 10 դպրոցներ, որովհետեւ ցուցարարները երկրորդական վարժարաններու աշակերտներուն արգելք հանդիսացան մուտք գործել իրենց դպրոցները: Ցոյցը երբեմն վերածուեցաւ ոստիկանութեան եւ ցուցարարներու միջեւ բախումներու: Ցոյցին կը մասնակցէին աշակերտներ, որոնք իրենք...

«Ես Եւրոպայի Հակառակորդը Չեմ»  Կ՛ըսէ Լը Փեն

«Ես Եւրոպայի Հակառակորդը Չեմ» Կ՛ըսէ Լը Փեն

Ֆրանսայի Ազգային ճակատ կուսակցութեան ղեկավար, նախագահական ընտրութեան երկրորդ փուլ անցած թեկնածու Մարին Լը Փեն յայտարարած է, որ ինք Եւրոպայի հակառակորդը չէ: «Ես Եւրոպայի հակառակորդը չեմ: Ես ատիկա կ՛ուզեմ ըսել ամենայն որոշակիութեամբ: Ես ինծի եւրոպացի կը զգամ, ի հարկէ, նախ եւ առաջ ֆրանսուհի, սակայն նաեւ եւրոպացի», ըսած է լը Փեն «Թէ.Էֆ.1» պատկերասփիւռի կայանէն: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Լը Փեն 18...

«Ասատի Ճակատագիրին Հարցը Արգելք  Չի Հանդիսանար Սուրիոյ Մէջ Տագնապի Լուծման»  Կ՛ըսէ Թրամփ

«Ասատի Ճակատագիրին Հարցը Արգելք Չի Հանդիսանար Սուրիոյ Մէջ Տագնապի Լուծման» Կ՛ըսէ Թրամփ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց. «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի ճակատագիրին հարցը արգելք չի հանդիսանար սուրիական տագնապի լուծման»: Թրամփ Սպիտակ տան մէջ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան անդամ 15 երկիրներու դեսպաններուն մասնակցութեամբ ընթրիքի ընթացքին նշեց, որ «Ասատի ճակատագիրին ճշդումը կը վերաբերի սուրիացի ժողովուրդին»` աւելցնելով. «Ասատի մնալը կամ հեռանալը կարեւոր չէ, կարեւորը քաղաքական հոլովոյթն է, Սուրիոյ մէջ արիւնահեղութեան եւ մարտական գործողութիւններուն դադրեցումը»: «Ռոյթըրզ» լրատու...

Պաղտատ Կը Զգուշացնէ, Ուաշինկթըն  Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ.  «Թրքական Բանակին Կողմէ Իրաքի Մէջ  Օդային Հարուածները  Պիտի Կրեն Շարունակական Բնոյթ»  Կ՛ըսէ Էրտողան

Պաղտատ Կը Զգուշացնէ, Ուաշինկթըն Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ. «Թրքական Բանակին Կողմէ Իրաքի Մէջ Օդային Հարուածները Պիտի Կրեն Շարունակական Բնոյթ» Կ՛ըսէ Էրտողան

Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ թրքական զինեալ ուժերուն կողմէ Իրաքի մէջ օդային հարուածները պիտի կրեն շարունակական բնոյթ: Ան շեշտած է, որ Թուրքիա պարտաւոր է ոչնչացնել Իրաքի հիւսիսային Սինճար շրջանին մէջ գտնուող Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան շուրջ 2000 զինեալները, այլապէս անոնք պիտի սկսին վտանգ ներկայացնել Թուրքիոյ անվտանգութեան համար: «Մենք ստիպուած ենք ատիկա ընել»,...

«Վեցեակ»-ը Եւ Իրանը Հաւաստած Են Իրանեան  Հիւլէական Ծրագիրի Համաձայնութեան  Իրագործումը Շարունակելու Մտադրութիւնը

«Վեցեակ»-ը Եւ Իրանը Հաւաստած Են Իրանեան Հիւլէական Ծրագիրի Համաձայնութեան Իրագործումը Շարունակելու Մտադրութիւնը

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ իրանեան հիւլէական ծրագիրին շուրջ գործողութիւններու միացեալ համապարփակ ծրագիրի իրագործման միացեալ յանձնախումբին մասնակիցները հաւաստած են այդ համաձայնագիրի ծիրին մէջ իրենց պարտաւորութիւններու կատարման յանձնառութիւնը: Իրանի եւ «5+1»-ի (ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի մնայուն անդամները եւ Գերմանիան) բանակցութիւնները կայացած են ներկայութեամբ Աւստրիոյ մայրաքաղաք Վիեննայի մէջ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքական ծառայութեան ընդհանուր քարտուղար Հելկա Շմիտի, որ նախագահած է յանձնախումբի նիստին...

Հոլլանտ Ֆրանսայի Յաջորդ Նախագահը Կը Յորդորէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտումը Քրէականացնելու Ուղղութեամբ Քայլերու Ձեռնարկել

Հոլլանտ Ֆրանսայի Յաջորդ Նախագահը Կը Յորդորէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտումը Քրէականացնելու Ուղղութեամբ Քայլերու Ձեռնարկել

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Փարիզի Քանատայի հրապարակին վրայ Կոմիտասի արձանին յարակից տարածքին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 102-ամեակի ոգեկոչման արարողութեան ընթացքին Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ յայտարարած է. «Մենք կը ճանչնանք ձեր ծնողներու, մեծ մայրերու եւ մեծ հայրերու պատմութիւնը, ընտանիքներու պատմութիւնը, որ երբեմն փոխանցուած է իրերու, լուսանկարներու միջոցով: Ասիկա ձեր պատմութիւնն է, ասիկա մեր պատմութիւնն է: Ասիկա աքսորի, զոհաբերութիւններու, սակայն նաեւ խիզախութիւններու պատմութիւն...

Քանատայի Վարչապետին Ուղերձը` Հայոց Ցեղասպանութեան 102-ամեակին Առիթով

Քանատայի Վարչապետին Ուղերձը` Հայոց Ցեղասպանութեան 102-ամեակին Առիթով

Քանատայի վարչապետ Ճասթին Թրիւտօ Հայոց ցեղասպանութեան 102-րդ ամեակի առիթով հրապարակած է ուղերձ մը, որուն մէջ կը յայտնէ. «Այսօր հանդիսաւոր կերպով հաւաքուած ենք ոգեկոչելու հայ ժողովուրդին նկատմամբ գործուած մարդկային աղէտալի կորուստը, որ տեղի ունեցաւ աւելի քան մէկ դար առաջ: «2015-ին Ներկայացուցիչներու տունը միաձայնութեամբ որդեգրեց բանաձեւ մը, որով 24 ապրիլը հռչակուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակման օր: «Այս օրը կը յարգէ յիշատակը անոնց, որոնք...

«Պէտք Է Կատարելապէս Ճանչնալ Հայ Ժողովուրդի Յիշողութիւնը»   Կ՛ըսէ Մաքրոն

«Պէտք Է Կատարելապէս Ճանչնալ Հայ Ժողովուրդի Յիշողութիւնը» Կ՛ըսէ Մաքրոն

Ֆրանսայի նախագահական թեկնածու, ընտրութեան առաջին փուլին առաւելագոյն քուէներ ստացած «Յառաջ» շարժումի ղեկավար Էմանուէլ Մաքրոն նշած է, որ պէտք է կատարելապէս ճանչնալ հայ ժողովուրդի յիշողութիւնը: «Ֆրանսայի հայերն ու հայուհիները իրենց ներդրումը ունեցած են մեր պատմութեան կերտման մէջ», «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է Մաքրոն եւ տեղադրած Փարիզի մէջ Կոմիտասի յուշարձան այցելութեան լուսանկարը: Մաքրոն 24 ապրիլի կէսօրին այցելած է Քանատայի հրապարակին վրայ գտնուող Կոմիտասի...

Էրտողան «Համաշխարհային Ա. Պատերազմի Դժուար Պայմաններուն Մէջ Իրենց Կեանքը  Կորսնցուցած Հայերուն» Համար Ցաւակցութիւն Յայտնած Է «Թուրքիոյ Հայազգի Քաղաքացիներուն»

Էրտողան «Համաշխարհային Ա. Պատերազմի Դժուար Պայմաններուն Մէջ Իրենց Կեանքը Կորսնցուցած Հայերուն» Համար Ցաւակցութիւն Յայտնած Է «Թուրքիոյ Հայազգի Քաղաքացիներուն»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Թուրքիոյ հայ քաղաքացիներուն յղած է ուղերձը մը, որ 24 ապրիլի առաւօտեան կարդացուած է Ֆերիքէօյի Ս.Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ` պատարագի ընթացքին: «Երկիր» կը հաղորդէ, որ Էրտողանի ուղերձին մէջ գրուած է.«Թուրքիոյ հայոց պատրիարքի փոխանորդ Արամ Աթեշեան, իմ շատ յարգելի հայ քաղաքացիներ, կ՛ողջունեմ ձեզ սիրով, յարգանքով: Այս տարի նոյնպէս յարգանքով կը յիշեմ Համաշխարհային Ա. պատերազմի դժուար պայմաններուն մէջ իրենց...

Ըստ «Ֆորէյն Փոլիսի»-ի.  Ուաշինկթըն Մտադիր Է 77,3 Առ Հարիւրով Կրճատել Հայաստանին Եւ 100 Առ Հարիւրով Ազրպէյճանին Տրամադրուող Ելեւմտական Օժանդակութիւնը

Ըստ «Ֆորէյն Փոլիսի»-ի. Ուաշինկթըն Մտադիր Է 77,3 Առ Հարիւրով Կրճատել Հայաստանին Եւ 100 Առ Հարիւրով Ազրպէյճանին Տրամադրուող Ելեւմտական Օժանդակութիւնը

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ, ըստ 2018-ի պիւտճէին վերաբերեալ ներքին փաստաթուղթի եւ որոշ աղբիւրներու, կը պատրաստուի կտրուկ կերպով կրճատելու զարգացող երկիրներուն տրամադրուող ամերիկեան օժանդակութիւնը, եւ այլ երկիրներուն օժանդակութեան համակարգման համար պատասխանատու Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութիւնը` «Եու.Էս.Էյտ»-ը միացնելու արտաքին գործոց նախարարութեան: Այդ մասին կը յայտնէ «Ֆորէյն Փոլիսի» պարբերաթերթը, որուն տրամադրութեան տակ յայտնուած է արտաքին գործոց նախարարութեան պիւտճէի փաստաթուղթի 15 էջերէ...

Անգարա Կը Դատապարտէ «Երեւանի Մէջ Թուրքիոյ Դրօշը Այրողները»

Անգարա Կը Դատապարտէ «Երեւանի Մէջ Թուրքիոյ Դրօշը Այրողները»

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը պաշտօնական յայտարարութիւն հրապարակած է 23 ապրիլին Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ ջահերթի մեկնարկէն առաջ Թուրքիոյ դրօշի հրկիզման գծով: Բացատրելով, թէ դրօշը իր էութեամբ ինչ կը ներկայացնէ` Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշած է, որ դրօշը հրկիզելու երեւոյթը «մեծ վրդովումի եւ արձագանգի արժանացած է թուրք հասարակութեան կողմէ»: «Թուրք ժողովուրդին անկախութիւնն ու ազատութիւնը ներկայացնող դրօշին նկատմամբ մեր ցուցաբերած կարեւորութեան ծիրին...

Այցելելէ Ետք Նիւ Եորքի Հայկական Եկեղեցին.  Զախարովա. «Այսօր Սրտով Հայ Ժողովուրդին Հետ Ենք»

Այցելելէ Ետք Նիւ Եորքի Հայկական Եկեղեցին. Զախարովա. «Այսօր Սրտով Հայ Ժողովուրդին Հետ Ենք»

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա Նիւ Եորքի հայկական եկեղեցւոյ մէջ յարգանքի տուրք մատուցած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: «Ապրիլ 24-ը Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օրն է: Մէկը «ցեղասպանութիւն» անուանումը չի ճանչնար, մէկը կասկածի տակ կ՛առնէ թիւը, կը քննարկէ` «եղած է, չէ եղած»: Ռուսիոյ Պետական տուման արդէն 1995-ին որդեգրած է «1915-1922 թուականներուն իր պատմական հայրենիքին մէջ` Արեւմտեան Հայաստանի մէջ,...

Կիպրոսի Նախագահն Ու Կառավարութիւնը Դատապարտած Են Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Կիպրոսի Նախագահն Ու Կառավարութիւնը Դատապարտած Են Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Կիպրոսի կառավարութիւնն ու նախագահ Նիքոս Անասթասիատես դատապարտած են Թուրքիոյ կողմէ գործուած Հայոց ցեղասպանութիւնը: «Սայփրըս Մէյլ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ այս մասին նշուած է Հայոց ցեղասպանութեան 102-րդ տարելիցին առիթով  կառավարութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ: Կառավարութեան բանբեր Նիքոս Քրիսթոտուլիտես Ցեղասպանութիւնը անուանած է նողկալի յանցանք եւ մարդկութեան պատմութեան մէջ ամօթալի գլուխ` նշելով. «Կառավարութիւնը իր ամբողջական կարեկցանքն ու համակրանքը կը յայտնէ Հայաստանի ժողովուրդին եւ կը...

Ֆրանսայի Նախագահական  Ընտրութեան Առաջին Փուլ.  Մաքրոն Եւ Լը Փեն Կ’անցնին Երկրորդ Փուլ

Ֆրանսայի Նախագահական Ընտրութեան Առաջին Փուլ. Մաքրոն Եւ Լը Փեն Կ’անցնին Երկրորդ Փուլ

  Երէկ Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցաւ երկրի նախագահական ընտրութեան առաջին փուլը: Շուրջ 47 միլիոն ֆրանսացիներ իրաւունք ունէին մասնակցելու իրենց երկրի նախագահին: Այդ պաշտօնին համար տարբեր քաղաքական ուժերէ թեկնածու ներկայացած էին 11 քաղաքագէտներ: Քուէարկողներու շուրջ 80 առ հարիւր համեմատութեամբ մասնակցութեան պայմաններուն մէջ, ըստ Ֆրանսայի ներքին գործոց նախարարութեան տուեալներուն, Ազգային ճակատ կուսակցութեան ղեկավար Մարին Լը Փեն ապահոված էր քուէներուն 24,38 առ հարիւրը,...

Թել Աւիւի Կեդրոնը Պաղեստինցի Մը  Դանակահարած Է Երեք Մարդ

Թել Աւիւի Կեդրոնը Պաղեստինցի Մը Դանակահարած Է Երեք Մարդ

Դանակով զինուած պաղեստինցի մը Թել Աւիւի կեդրոնը յարձակում գործելով վիրաւորեց երեք իսրայէլացիներ: Թել Աւիւի ոստիկանութեան մամլոյ քարտուղար Միքի Ռոզենֆելտ յայտնած է. «Ոստիկանութիւնը Թել Աւիւի կեդրոնը ձերբակալած է այն պաղեստինցին, որ երեք մարդ վիրաւորած է»: Ըստ անոր, երեք վիրաւորները թեթեւ վէրքեր ստացած են: «Մայատին» կը հաղորդէ, որ յարձակում գործողը Այսրյորդանանի 18 տարեկան պաղեստինցի բնակիչ մըն է, որ Թել Աւիւի կեդրոնը պանդոկ...

Լուկանսքի Մէջ ԵԱՀԿ-ի Առաքելութեան  Ինքնաշարժ Մը Պայթած Է Ականի Պատճառով

Լուկանսքի Մէջ ԵԱՀԿ-ի Առաքելութեան Ինքնաշարժ Մը Պայթած Է Ականի Պատճառով

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ զոհ մը եւ վիրաւոր մը արձանագրուած են, երբ Լուկանսքի ինքնահռչակ հանրապետութեան շփման գիծին մէջ ԵԱՀԿ-ի յատուկ հսկողութեան առաքելութեան պատկանող ինքնաշարժը պայթած է: Պայթումը տեղի ունեցած է Փրիշիպ բնակավայրին մօտ, երբ ԵԱՀԿ-ի առաքելութեան երկու ինքնաշարժները Սլաւիանոսերպսքէն կ՛ուղղուէին Սոքոլնիքի: Ինքնաշարժը պայթած է հակահրասայլային ականի պատճառով: ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, Աւստրիոյ արտաքին գործոց նախարար Սեպասթիան Քուրց հաստատած է Ուքրանիոյ...

Page 708 of 883 1 … 707 708 709 … 883

Արխիւներ