Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաղտատ Կը Զգուշացնէ, Ուաշինկթըն Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ. «Թրքական Բանակին Կողմէ Իրաքի Մէջ Օդային Հարուածները Պիտի Կրեն Շարունակական Բնոյթ» Կ՛ըսէ Էրտողան

April 27, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ թրքական զինեալ ուժերուն կողմէ Իրաքի մէջ օդային հարուածները պիտի կրեն շարունակական բնոյթ:

Ան շեշտած է, որ Թուրքիա պարտաւոր է ոչնչացնել Իրաքի հիւսիսային Սինճար շրջանին մէջ գտնուող Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան շուրջ 2000 զինեալները, այլապէս անոնք պիտի սկսին վտանգ ներկայացնել Թուրքիոյ անվտանգութեան համար: «Մենք ստիպուած ենք ատիկա ընել», ըսած է Էրտողան:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարք Թոնըր մտահոգութիւն յայտնած է թրքական բանակին կողմէ երեքշաբթի օր Իրաքի եւ Սուրիոյ հիւսիսային շարք մը շրջաններու ռմբակոծման առնչութեամբ:

Թոնըր յայտարարած է, որ հակառակ թրքական կողմի պնդումներուն, թէ թրքական բանակը ամերիկեան ղեկավարութեամբ Միջազգային դաշինքը տեղեակ պահած է սպասուող օդային հարուածներուն մասին, իրականութեան մէջ այդպիսի բան չէ եղած:

Երեքշաբթի օր թրքական բանակին կատարած օդային հարուածներուն պատճառով Սուրիոյ մէջ սպաննուած է քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու 18 զինեալ, իսկ իրաքեան Սինճարի մէջ` 5 իրաքցի քիւրտ:

Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան հարցերու նախարար Էօմար Չելիք անդրադառնալով Ուաշինկթընի մտահոգութեան նշեց. «Թուրքիան ՕԹԱՆ-ի անդամ է եւ ռմբակոծեց ահաբեկիչներու զօրանոց մը, ուր այցելած էր ամերիկացի զինուորական հրամանատար մը, ատոր հետեւեցան Ուաշինկթընի կողմէ մտահոգութիւն արտայայտող յայտարարութիւններ»:

«Մտահոգիչը ինքնին ամերիկացի հրամանատարին այցելութիւնն է», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Պէտք է հետաքննութիւն կատարել Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան Քարաչէօք լերան վրայ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան դիրքին այդ հրամանատարին տուած այցելութեան շուրջ»:

Ան ընդգծեց, որ հիւսիսային Սուրիոյ եւ իրաքեան Սինճարի մէջ թրքական օդուժի հարուածները «Թուրքիոյ անվտանգութեան պահպանման ծիրին մէջ են»:

Սինճար շրջանի ռմբակոծումէն ետք Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատի Թուրքիոյ իշխանութիւնները զգուշացուցած է չկրկնել օդային հարուածները եւ կոչ ուղղած յարգելու Իրաքի տարածքային ամբողջականութիւնը:

Թրքական «Տեմոքրաթհապեր» կայքը կը հաղորդէ, որ Ապատի նշած է, որ իրաքեան Սինճարի դէմ յարձակումին համար Թուրքիան որեւէ լուրջ հիմք չէ ունեցած:

Իրաքի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ահմետ Ժամալ նախապէս թրքական օդային հարուածները անուանած էր երկրի տարածքային ամբողջականութեան խախտում եւ յայտնած, որ զայն գործելէ առաջ Թուրքիան որեւէ ձեւով չէ խորհրդակցած Պաղտատի հետ: Ժամալ աւելցուցած էր, որ հիւսիսային Իրաքի մէջ քրտական ուժերը հարուածելը ոչ միայն պիտի չառաջնորդէ տիրող կացութեան համակարգային լուծման, այլ առաւել եւս պիտի բարդացնէ զայն:

 

Նախորդը

«Վեցեակ»-ը Եւ Իրանը Հաւաստած Են Իրանեան Հիւլէական Ծրագիրի Համաձայնութեան Իրագործումը Շարունակելու Մտադրութիւնը

Յաջորդը

«Ասատի Ճակատագիրին Հարցը Արգելք Չի Հանդիսանար Սուրիոյ Մէջ Տագնապի Լուծման» Կ՛ըսէ Թրամփ

RelatedPosts

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական  Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի  Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր

October 30, 2026
Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի
Գլխաւոր լուրեր

Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի

October 30, 2026
Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է  Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել
Գլխաւոր լուրեր

Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.