Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ «Ֆորէյն Փոլիսի»-ի. Ուաշինկթըն Մտադիր Է 77,3 Առ Հարիւրով Կրճատել Հայաստանին Եւ 100 Առ Հարիւրով Ազրպէյճանին Տրամադրուող Ելեւմտական Օժանդակութիւնը

Ապրիլ 26, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ, ըստ 2018-ի պիւտճէին վերաբերեալ ներքին փաստաթուղթի եւ որոշ աղբիւրներու, կը պատրաստուի կտրուկ կերպով կրճատելու զարգացող երկիրներուն տրամադրուող ամերիկեան օժանդակութիւնը, եւ այլ երկիրներուն օժանդակութեան համակարգման համար պատասխանատու Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութիւնը` «Եու.Էս.Էյտ»-ը միացնելու արտաքին գործոց նախարարութեան: Այդ մասին կը յայտնէ «Ֆորէյն Փոլիսի» պարբերաթերթը, որուն տրամադրութեան տակ յայտնուած է արտաքին գործոց նախարարութեան պիւտճէի փաստաթուղթի 15 էջերէ բաղկացած մանրամասն բնագիրը:

Կը նշուի, որ վարչակազմը մարտին ներկայացուած պիւտճէի առաջարկին մէջ կը խոստանար կրճատել զարգացող երկիրներուն տրամադրուող օժանդակութիւնը մէկ երրորդով, բայց այդ առաջարկը քիչ մանրամասնութիւններ կը բովանդակէր: Նոր փաստաթուղթին համաձայն, զարգացման համար տրամադրուող գումարները պիտի վերաուղղուին ազգային անվտանգութեան խնդիրներուն հետ սերտօրէն առնչուած ծրագիրին:

Փաստաթուղթը կը մանրամասնէ, թէ ինչպէ՛ս օտար երկիրներու օժանդակութեան` Թրամփի վարչակազմին ծրագրած կրճատումը տեղի պիտի ունենայ 2018-ի պիւտճէական տարուան ընթացքին:

Մասնաւորաբար, պիւտճէական առաջարկին համաձայն, Միացեալ Նահանգներ մտադիր են Հայաստանին տրամադրուող օժանդակութիւնը կրճատել 77,3 առ հարիւրով: Նախնական ծրագիրին մէջ կը նախատեսուէր 17,633 միլիոն տոլարի օժանդակութիւն, իսկ նոր նախագիծը կը նախատեսէ ֆինանսաւորման մինչեւ 4 միլիոն տոլարի կրճատում: Փաստաթուղթին համաձայն, 100 առ հարիւրով կը կրճատուի Ազրպէյճանին ու Պիելոռուսիոյ տրամադրուող օժանդակութիւնը, իսկ Վրաստանին տրամադրուող օժանդակութիւնը կը կրճատուի 41,1 առ հարիւրով` նախատեսուած 47,512 միլիոն տոլարէն հասնելով մինչեւ 28 միլիոն տոլարի:

«Ֆորէյն Փոլիսի» կը գրէ, որ կրճատումներուն մէկ մասը ուղղուած է այն երկիրներուն, որոնք նկատուած են ռազմավարական կարեւորութիւն ներկայացնող երկիրներ: Օրինակ` Ուքրանիոյ տրամադրուող օժանդակութիւնը, որ կ՛օգտագործուի քաղաքական եւ տնտեսական բարեփոխումները խրախուսելու համար, պիտի կրճատուի 68,8 առ հարիւրով: Քիեւին սկիզբէն նախատեսուող 570 միլիոն տոլարի ելեւմտական օժանդակութիւնը կրճատուած է մինչեւ 177 միլիոն:

«Եու.Էս.Էյտ»-ի բարձրաստիճան պաշտօնատարները նշած են, որ գործակալութիւնը կը նախատեսէ, որ պիւտճէի առաջարկը պիտի ստիպէ փակել 30-35 դաշտային առաքելութիւն եւ շրջանային գրասենեակները կրճատել 65 առ հարիւրով: «Եու.Էս.Էյտ» այժմ կը գործէ շուրջ հարիւր երկիրներու մէջ:

Բացի առաքելութիւններու փակումէն պիտի ազդուի նաեւ օտար երկիրներուն մէջ առողջական մարզի ֆինանսաւորումը. կրճատումներ կը նախատեսուին 41 երկիրներու մէջ:

Նախորդը

Անգարա Կը Դատապարտէ «Երեւանի Մէջ Թուրքիոյ Դրօշը Այրողները»

Յաջորդը

Էրտողան «Համաշխարհային Ա. Պատերազմի Դժուար Պայմաններուն Մէջ Իրենց Կեանքը Կորսնցուցած Հայերուն» Համար Ցաւակցութիւն Յայտնած Է «Թուրքիոյ Հայազգի Քաղաքացիներուն»

RelatedPosts

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը Այսօր  Ուքրանիոյ Վերաբերեալ Ժողով Մը Պիտի Գումարէ
Գլխաւոր լուրեր

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը Այսօր Ուքրանիոյ Վերաբերեալ Ժողով Մը Պիտի Գումարէ

Դեկտեմբեր 9, 2025
Թրամփ. «Որոշ Չափով Հիասթափուած Եմ,  Որովհետեւ Զելենսքին Տակաւին  Խաղաղութեան Ծրագիրը Չէ Կարդացած»
Միջազգային

Թրամփ. «Որոշ Չափով Հիասթափուած Եմ, Որովհետեւ Զելենսքին Տակաւին Խաղաղութեան Ծրագիրը Չէ Կարդացած»

Դեկտեմբեր 9, 2025
Փեսքով. «Ուքրանիոյ Տագնապի Լուծման Կողմերը  Հետզհետէ Աւելի Կը Հասկնան,  Թէ Պէտք Է Լռութեան Մէջ Աշխատին»
Միջազգային

Փեսքով. «Ուքրանիոյ Տագնապի Լուծման Կողմերը Հետզհետէ Աւելի Կը Հասկնան, Թէ Պէտք Է Լռութեան Մէջ Աշխատին»

Դեկտեմբեր 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?