«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ զոհ մը եւ վիրաւոր մը արձանագրուած են, երբ Լուկանսքի ինքնահռչակ հանրապետութեան շփման գիծին մէջ ԵԱՀԿ-ի յատուկ հսկողութեան առաքելութեան պատկանող ինքնաշարժը պայթած է:
Պայթումը տեղի ունեցած է Փրիշիպ բնակավայրին մօտ, երբ ԵԱՀԿ-ի առաքելութեան երկու ինքնաշարժները Սլաւիանոսերպսքէն կ՛ուղղուէին Սոքոլնիքի: Ինքնաշարժը պայթած է հակահրասայլային ականի պատճառով:
ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, Աւստրիոյ արտաքին գործոց նախարար Սեպասթիան Քուրց հաստատած է Ուքրանիոյ մէջ կազմակերպութեան առաքելութեան աշխատակիցներէն մէկուն մահուան փաստը եւ ցաւակցութիւն յայտնած զոհի ընտանիքին:
«Անհրաժեշտ է կատարել մանրակրկիտ հետաքննութիւն: Մեղաւորները պէտք է ենթարկուին պատասխանատուութեան», ըսած է Քուրց:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշեց, որ դէպքը կը թուի ըլլալ «սադրանք» մը, որուն նպատակը Ուքրանիոյ տագնապին խաղաղ լուծման ականահարումն է:



