Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էրտողան «Համաշխարհային Ա. Պատերազմի Դժուար Պայմաններուն Մէջ Իրենց Կեանքը Կորսնցուցած Հայերուն» Համար Ցաւակցութիւն Յայտնած Է «Թուրքիոյ Հայազգի Քաղաքացիներուն»

April 26, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Թուրքիոյ հայ քաղաքացիներուն յղած է ուղերձը մը, որ 24 ապրիլի առաւօտեան կարդացուած է Ֆերիքէօյի Ս.Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ` պատարագի ընթացքին:

«Երկիր» կը հաղորդէ, որ Էրտողանի ուղերձին մէջ գրուած է.«Թուրքիոյ հայոց պատրիարքի փոխանորդ Արամ Աթեշեան, իմ շատ յարգելի հայ քաղաքացիներ, կ՛ողջունեմ ձեզ սիրով, յարգանքով: Այս տարի նոյնպէս յարգանքով կը յիշեմ Համաշխարհային Ա. պատերազմի դժուար պայմաններուն մէջ իրենց կեանքը կորսնցուցած օսմանեան հայերը եւ ցաւակցութիւն կը յայտնեմ անոնց թոռներուն:

«Իբրեւ շրջանի երկու հնագոյն հասարակութիւններ` թուրքերն ու հայերը հազար տարիէ ի վեր ուս-ուսի տուած կ՛ապրին նոյն տարածքին մէջ, կը կիսեն նոյն պատմութիւնն ու մշակոյթը: Հայ հասարակութիւնը, թէ՛ Օսմանեան կայսրութեան, թէ՛ մեր հանրապետութեան` 100 տարի երկարող անցեալին մէջ, դաստիարակելով թանկագին զաւակներ, շատ մեծ ներդրումներ ունեցած է մեր երկրի զարգացման գործին մէջ: Ինչպէս երէկ, այնպէս ալ այսօր, հայերը ըլլալով մեր երկրի հաւասար եւ ազատ քաղաքացիներ, կարեւոր դերեր կը ստանձնեն մեր ընկերային, քաղաքական եւ առեւտրական կեանքի զանազան մարզերուն մէջ: Բոլորիս հասարակաց նպատակն է, որ դարեր շարունակ իրենց խինդն ու տխրութիւնը միասին կիսած այս երկու ժողովուրդները բուժեն իրենց անցեալի վէրքերն ու աւելի հզօրացնեն մարդկային կապերը: Այս նպատակով վերջին 14 տարիներուն բազմաթիւ քայլերու ձեռնարկեցինք, պատմական բնոյթի բարեփոխումներ կեանքի կոչեցինք: Օսմանեան հայերու յիշատակին եւ հայ մշակոյթի ժառանգութեան տէր կանգնելու ուղղութեամբ մեր աշխատանքները, յառաջիկային աւելի մեծցնելով, պիտի շարունակենք:

«Այս առիթով կ՛ուզեմ ընդգծել, որ մեր երկրի հայ համայնքին խաղաղութիւնը, անվտանգութիւնն ու երջանկութիւնը մեզի համար շատ մեծ կարեւորութիւն ունին: Մենք բացարձակապէս պիտի չարտօնենք, որ մեր մէկ հայ քաղաքացին նոյնիսկ մեկուսացուի, օտարուի կամ ինքզինք «երկրորդ դասակարգի քաղաքացի» զգայ: Կ՛ուզեմ, որ Թուրքիոյ հայոց պատրիարքի ընտրութիւնները կարճ ժամանակի ընթացքին աւարտին, եւ ձեզի յաջողութիւն կը մաղթեմ այդ աշխատանքներուն ուղղութեամբ:

«Այս մտորումներով անգամ մը եւս կը յիշեմ 20-րդ դարու առաջին կիսուն իրենց կեանքը կորսնցուցած օսմանեան հայերը: Աստուած ողորմէ Համաշխարհային Ա. պատերազմի անբարենպաստ պայմաններուն մէջ իրենց կեանքը կորսնցուցած օսմանեան միլիոնաւոր քաղաքացիները»:

Նախորդը

Ըստ «Ֆորէյն Փոլիսի»-ի. Ուաշինկթըն Մտադիր Է 77,3 Առ Հարիւրով Կրճատել Հայաստանին Եւ 100 Առ Հարիւրով Ազրպէյճանին Տրամադրուող Ելեւմտական Օժանդակութիւնը

Յաջորդը

«Պէտք Է Կատարելապէս Ճանչնալ Հայ Ժողովուրդի Յիշողութիւնը» Կ՛ըսէ Մաքրոն

RelatedPosts

Թրամփ. «Ուաշինկթընի Մէջ Իրանի  Թղթածրարի Քննարկման Համար Կարեւոր  Ժողովներ Գումարուած Են»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Ուաշինկթընի Մէջ Իրանի Թղթածրարի Քննարկման Համար Կարեւոր Ժողովներ Գումարուած Են»

September 23, 2026
Քաց. «Իսրայէլեան Ուժերը Կազայի,  Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Մէջ Պիտի Մնան»
Միջազգային

Քաց. «Իսրայէլեան Ուժերը Կազայի, Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Մէջ Պիտի Մնան»

September 23, 2026
Ռուպիօ. «Հուսիներուն Եւ Սէուտական Արաբիոյ Միջեւ Հակամարտութեան Կարգաւորման Կարելիութիւնը Կը Սերտենք, Եւ Ռիատին Պիտի Աջակցինք»
Միջազգային

Ռուպիօ. «Հուսիներուն Եւ Սէուտական Արաբիոյ Միջեւ Հակամարտութեան Կարգաւորման Կարելիութիւնը Կը Սերտենք, Եւ Ռիատին Պիտի Աջակցինք»

September 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.