Սուրիոյ Մէջ «Լարուածութեան Մեղմացման» 4 Գօտիներու Ստեղծման Շուրջ Ռուսիա-Թուրքիա-Իրան Համաձայնութիւն
«Ինթըրֆաքս-Ղազախստան» հաղորդեց, որ Ռուսիա, Իրան եւ Թուրքիա «Ասթանա-4» հանդիպումի լիագումար նիստին ընթացքին ստորագրած են Սուրիոյ մէջ «լարուածութեան մեղմացման գօտիներու ստեղծման շուրջ յուշագիր մը: Փաստաթուղթը ստորագրած են պատուիրակութիւններու ղեկավարները. Ռուսիոյ կողմէ` սուրիական տագնապի լուծման հարցով Փութինի յատուկ պատուիրակ Ալեքսանտր Լաւրենթեւ, Թուրքիոյ կողմէ` Միջին Արեւելքի եւ Ափրիկէի հարցերով արտաքին գործոց փոխնախարար Սետաթ Էօնալ, Իրանի կողմէ` արաբական-ափրիկեան երկիրներու գործերով արտաքին գործոց փոխնախարար Հիւսէյն...




















