Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հոլլանտ Ֆրանսայի Յաջորդ Նախագահը Կը Յորդորէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտումը Քրէականացնելու Ուղղութեամբ Քայլերու Ձեռնարկել

Ապրիլ 26, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Փարիզի Քանատայի հրապարակին վրայ Կոմիտասի արձանին յարակից տարածքին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 102-ամեակի ոգեկոչման արարողութեան ընթացքին Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ յայտարարած է. «Մենք կը ճանչնանք ձեր ծնողներու, մեծ մայրերու եւ մեծ հայրերու պատմութիւնը, ընտանիքներու պատմութիւնը, որ երբեմն փոխանցուած է իրերու, լուսանկարներու միջոցով: Ասիկա ձեր պատմութիւնն է, ասիկա մեր պատմութիւնն է: Ասիկա աքսորի, զոհաբերութիւններու, սակայն նաեւ խիզախութիւններու պատմութիւն է: Անիկա, ի հարկէ, Հայաստանի պատմութիւնն է, սակայն նաեւ Ֆրանսայի պատմութիւնը: 100 տարի ետք դուք դարձեալ ցոյց կու տաք այդ մարդոց պատկերները` տղամարդիկ, կիներ ու երեխաներ, որոնք սպաննուեցան»: Հոլլանտ ընդգծեց, որ այդ զոհերուն մասին յիշողութիւնը կը շեշտէ նաեւ այսօր տեղի ունեցող այլ խնդիրներու լուծման հրատապութիւնը:

«Նահատակները նաեւ մեզ կը յիշեցնեն, որ այսօր յաճախ նոյն տարածքներուն մէջ մարդիկ կը սպաննուին, կը տանջուին ու կը կոտորուին: Այդ դաժան իրականութիւնն ու հայ ժողովուրդին հետ Ֆրանսայի համերաշխութիւնն էր, որ կ՛ուզէի այսօր ձեզի յիշեցնել», նշեց Ֆրանսայի նախագահը:

Հոլլանտ յիշեցուց, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին Երեւանի մէջ անմար կրակին մօտ ծաղիկներ դրած է` շեշտելով, որ այդ դաժան ողբերգութիւնը պէտք է երբեք չկրկնուի: «Այդ դաժանութիւններէն ետք կարիք զգացուեցաւ նոր բառ ստեղծելու` զանոնք բնութագրելու համար (…) Այսօր ալ աշխարհի մէջ տեղի կ՛ունենան ցեղասպանութիւններ: Մենք պիտի չդադրինք Հայոց ցեղասպանութեան մասին խօսելէ: Ճիշդ այս պատճառով ալ մենք չենք կրնար ժխտողականներուն, վերախմբագրողներուն եւ պատմութիւնն ու պատասխանատուութիւնը աղաւաղողներուն արտօնել արտայայտուիլ: Մեր առաջին խնդիրն է ըսել այն, ինչ որ տեղի ունեցած է: Կապ չունի, որ այսօր պատասխանատուները չկան կամ մահացած են, չենք ուզեր նաեւ դատապարտել ներկայ սերունդը: Ուղղակի պէտք է ըսենք ճշմարտութիւնը, որովհետեւ միայն ճշմարտութիւնն է, որ կրնայ հաշտեցնել ու համախմբել», ընդգծած է նախագահ Հոլլանտ` աւելցնելով. «Այս հաւատամքով էր, որ ես միշտ աջակցած եմ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման քրէականացման: Խորհրդարանին կողմէ որդեգրուած վերջին բնագիրին վերաբերեալ, որուն շուրջ ես խորհրդակցութիւններ ունեցած էի Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի նախկին նախագահ Ժան Փոլ Քոսթայի հետ, Սահմանադրական խորհուրդը չուզեց ընդունիլ մեր փաստարկները: Իմ կողմէս ես յաջորդ նախագահին պիտի ըսեմ, որ պէտք չէ մոռնալ ժխտման քրէականացումը»:

Ան շեշտեց, որ Ֆրանսան պէտք է օգտագործէ իրաւական բոլոր մեքանիզմները` ժխտողականութիւնը քրէական յանցանք դարձնելու համար: «Ատով մենք չենք խանգարեր խօսքի ազատութիւնն ու կարծիքներու փոխանակումը, որոնց նկատմամբ մեր հաւատարմութեան մասին դուք գիտէք, սակայն ժխտողականութիւնը կարծիք չէ, անիկա ճշմարտութեան հերքումն է: Այդ պարագային կրնանք ըսել, որ ցեղապաշտութիւնն ու այլատեացութիւնը նոյնպէս կարծիք են: Այդ պարագային պէտք է հաւասարութեան նշան դնենք ճշմարտութեան ու սխալին միջեւ», ընդգծեց Հոլլանտ:

Խօսելով Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մասին` Ֆրանսայի նախագահը նշեց. «Այդ տագնապը իւրաքանչիւր տարի կը խլէ երիտասարդներու կեանքեր: Անիկա վերջին շրջանին նոյնիսկ աւելի սրած է` կրկնուող յարձակումներով: Ճիշդ է, կողմերը կը բանակցին արդէն աւելի քան 23 տարի, սակայն, մենք պէտք է լուծում գտնենք, որովհետեւ սթաթիւս քոն ընդունելի չէ: Այդ տագնապը չունի զինուորական լուծում»:

Նախորդը

Քանատայի Վարչապետին Ուղերձը` Հայոց Ցեղասպանութեան 102-ամեակին Առիթով

Յաջորդը

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Սկաուտները Ոգեկոչեցին Ցեղասպանութեան Սուրբ Նահատակներու Յիշատակը

RelatedPosts

Թրամփ Կը Բացառէ Իրանը Անգամ Մը Եւս  Հարուածելը Եւ Անոր Հետ  Ժողովը Մօտալուտ Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Կը Բացառէ Իրանը Անգամ Մը Եւս Հարուածելը Եւ Անոր Հետ Ժողովը Մօտալուտ Կը Նկատէ

Յուլիս 9, 2025
Մինչ Ռուսիան Երկու Մարզերու Մէջ  Յառաջխաղացք Կ՛արձանագրէ.  Թրամփ Կը Խոստանայ Ուքրանիոյ  «Պաշտպանական» Զէնքեր Ուղարկել
Միջազգային

Մինչ Ռուսիան Երկու Մարզերու Մէջ Յառաջխաղացք Կ՛արձանագրէ. Թրամփ Կը Խոստանայ Ուքրանիոյ «Պաշտպանական» Զէնքեր Ուղարկել

Յուլիս 9, 2025
Ֆիտան. «Իրանի Փոխանցեցինք Անոր Հիւլէական Ծրագիրին Շուրջ Բանակցութիւնները Շարունակելու Կարելիութեան Վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու Դիրքորոշումը»
Միջազգային

Ֆիտան. «Իրանի Փոխանցեցինք Անոր Հիւլէական Ծրագիրին Շուրջ Բանակցութիւնները Շարունակելու Կարելիութեան Վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու Դիրքորոշումը»

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?