Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա Նիւ Եորքի հայկական եկեղեցւոյ մէջ յարգանքի տուրք մատուցած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:
«Ապրիլ 24-ը Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օրն է: Մէկը «ցեղասպանութիւն» անուանումը չի ճանչնար, մէկը կասկածի տակ կ՛առնէ թիւը, կը քննարկէ` «եղած է, չէ եղած»: Ռուսիոյ Պետական տուման արդէն 1995-ին որդեգրած է «1915-1922 թուականներուն իր պատմական հայրենիքին մէջ` Արեւմտեան Հայաստանի մէջ, հայ ժողովուրդի ցեղասպանութիւնը դատապարտելու մասին» բանաձեւը: Նիւ Եորքի մէջ` ՄԱԿ-ի շէնքին մօտ կը գտնուի հայկական եկեղեցի: Մտայ: Այսօր սրտով հայ ժողովուրդին հետ ենք, ուր ալ գտնուինք», Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է Մարիա Զախարովա:



