Թրամփ. «Քաթար Երկար Ատեն Ֆինանսաւորեց Ահաբեկչութիւնը, Եւ Ժամանակը Եկած Է Այդ Ֆինանսաւորումը Դադրեցնելու»
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց. «Դժբախտաբար Քաթար երկար ատենէ ի վեր կը ֆինանսաւորէր ահաբեկչութիւնը: Ժամանակը հասած է Քաթարէն պահանջելու, որ ահաբեկչութեան ֆինանսաւորումը դադրեցնէ»: «Ահաբեկչութեան ֆինանսաւորումը եւ ատելութեան ուսուցումը դադրեցուցէ՛ք, սպանութիւնը դադրեցուցէ՛ք: Իսկ ինչ կը վերաբերի Քաթարի` կ’ուզենք, որ վերադառնաք պատասխանատու կեցուածքին», ըսաւ Թրամփ: Միացեալ Նահանգներու նախագահը նաեւ յայտնեց. «Միջին Արեւելք այցելութենէն վերադարձայ, եւ այդ այցելութենէն ետք ահաբեկչութեան տարածումը պիտի...




















