Ուաշինկթընի Մէջ Քոնկրեսականի Մը Վրայ Յարձակում
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց, որ զինեալ մը, որ Ուաշինկթընի արուարձաններէն մէկուն մէջ պէյսպոլի դաշտի մը վրայ Ներկայացուցիչներու տան հանրապետական անդամ Սթիւ Սքալիզի վրայ փամփուշտներ արձակած է, մահացած է: Զինեալը` Իլինոյզի բնակիչ Ճէյմբ Թ. Հոճքինսըն հիւանդանոց փոխադրուած է, սակայն ստացած վէրքերուն պատճառով մահացած է: Քոնկրեսական Սքալիզ կողքէն փամփուշտ ստացած է: Անոր կողքին չորս ուրիշ անձեր վիրաւորուած են: Երկու ոստիկաններ...




















