Ամերիկեան ղեկավարութեամբ Միջազգային դաշինքը երէկ Թանաֆի մէջ հարուածեց Սուրիոյ կառավարամէտ ուժեր: Այս յարձակումը իր տեսակին մէջ 3-րդն էր:
Միջազգային դաշինքը յայտարարեց, որ հարուածած է «զէնքերով բեռնաւորուած փոքր փոխադրակառքեր», ինչպէս նաեւ վար առած է անօդաչու թռչող սարք մը, որ Յորդանանի հետ սահմանին մօտ կրակ բացած էր Միջազգային դաշինքի ուժերուն վրայ: