Սուրիոյ Ժողովրդավարական Ուժերը Մուտք Գործեցին Ռաքքա
Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու զինեալները մուտք գործեցին Ռաքքա քաղաք: Այս մասին կը հաղորդէ ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը: «Մեր ուժերը մտած են քաղաքին արեւելքը գտնուող Մեհլեպ թաղամաս», գործակալութեան յայտնած է նշեալ ուժերու հրամանատար Ռոժտա Ֆելաթ: Քրտական ղեկավարութեամբ նշեալ ուժերուն բանբերը` Թալալ Սիլօ յայտնած է, որ իրենց ուժերը ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերուն վրայ յարձակած են արեւելքէն, արեւմուտքէն եւ հիւսիսէն: Ըստ անոր, ճակատամարտը «պիտի ըլլայ դաժան, որովհետեւ...




















