Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիա Իրաքեան Քիւրտիստանի Անկախութեան Շուրջ Հանրաքուէն Կը Նկատէ «Մեծ Սխալ» Մը

June 10, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի կառավարութեան կողմէ մարզի անկախութեան շուրջ հանրաքուէ կատարելու որոշումը նկատեց «մեծ սխալ» մը` յայտնելով, որ Իրաքի հողային ամբողջականութիւնն ու քաղաքական միութիւնը Անգարայի համար հիմնական սկզբունքներ են:

Նշենք, որ Հիւսիսային Իրաքի մէջ Քրտական շրջանային միութիւնը չորեքշաբթի յայտարարած էր, որ 25 սեպտեմբերին Իրաքէն անկախութեան շուրջ հանրաքուէ պիտի կատարէ:

«Կը կարծենք, որ այդ քայլը պիտի ըլլայ մեծ սխալ մը», նշեց նախարարութիւնը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ` աւելցնելով. «Իրաքի հողային ամբողջականութեան եւ քաղաքական միութեան պահպանումը Թուրքիոյ իրաքեան քաղաքականութեան հիմնական սկզբունքներէն մէկն է»:

Պաղտատ իր կարգին երէկ յայտնեց, որ Իրաքի կեդրոնական կառավարութիւնը պիտի մերժէ քրտական մարզի իշխանութիւններուն կողմէ դէպի անկախութիւն որեւէ քայլ: «Ոչ մէկ կողմ կրնայ առանձինը, այլ կողմերէն անջատաբար ճշդել Իրաքի ճակատագիրը», ըսաւ կառավարութեան բանբեր Սաատ Հատիսի:

«Իրաք սահմանադրականօրէն ամբողջական գերիշխանութեամբ ժողովրդավարական, դաշնակցային պետութիւն մըն է (…) Իրաքի մէջ որեւէ կողմէ որեւէ քայլ պէտք է հիմնուած ըլլայ սահմանադրութեան վրայ», ըսաւ ան:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հետըր Նորթ յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներ կը զօրակցին միացեալ, դաշնակցային, կայուն եւ ժողովրդավարական Իրաքի մը»:

«Կը հասկնանք եւ կը գնահատենք Իրաքեան Քիւրտիստանի ժողովուրդին ձգտումները», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Սակայն, Քիւրտիստանի շրջանի իշխանութիւններուն յայտնած ենք մեր մտահոգութիւնը, թէ հանրաքուէ կատարելը, նոյնիսկ ոչ պարտադիր որոշումի մը շուրջ, ներկայ պահուս ուշադրութիւնը պիտի շեղէ աւելի հրատապ առաջնահերթութիւններէն»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը ըսաւ, որ քրտական մարզը Պաղտատի հետ իր հարցերը պէտք է լուծէ «հիմնուելով իրաքեան սահմանադրութեան վրայ»:

Նախորդը

Էրտողան Ստորագրած Է Քաթարի Մէջ Թրքական Ուժեր Տեղակայելու Մասին Որոշումը

Յաջորդը

Քաթար Կը Մերժէ Եւ Անհիմն Կը Նկատէ Արաբական Չորս Երկիրներու Հրապարակած Ահաբեկչութեան Վերաբերեալ Ցուցակը

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.