Իրանեան բանակի սպայակոյտի պետ Ալի Պաքրի յայտնեց, որ իր երկրին օդուժը մօտ օրէն ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պիտի կատարէ «աննախադէպ գործողութիւններ»:
Ան յայտնեց, որ 37 «Ֆանթըմ» եւ 45 «Սուխոյ» տիպի պատերազմական օդանաւեր պատրաստ վիճակի մէջ են եւ կը սպասեն հրամանի` կատարելու համար անցնող երեսուն տարուան վրայ աշխարհի վրայ մեծագոյնը եղող օդային գործողութիւններ»:
«Թշնամին մեր վճռական հակադարձութեան պիտի արժանանայ մեր ճշդած վայրերուն մէջ», նշեց ան:
Միւս կողմէ, իրանեան ոստիկանութիւնը երէկ յայտարարեց, որ Քարմանշահի մէջ ձերբակալած է Թեհրանի մէջ յարձակումներուն մասնակից ահաբեկիչներուն հետ կապեր ունեցող երկու անձեր:
Նշենք, որ իրանեան իշխանութիւնները յայտարարած են, թէ Իրանի խորհրդարանին եւ Խումէյնիի դամբարանին դէմ յարձակումներուն պատճառով արձանագրուած է 17 զոհ եւ աւելի քան 40 վիրաւոր: Յարձակումներուն պատասխանատուութիւնը ստանձնած է ՏԱՀԵՇ:



