Քաթարի արտաքին գործոց նախարար շէյխ Համատ պըն Ապտել Ռահման Ալ Թանի յայտարարեց, որ «Ծոցի տագնապի լուծման համար զինուորական լուծում մը պիտի չըլլայ»` նշելով. «Այդ տարբերակը կը վտանգէ շրջանը, եւ դիւանագիտութիւնը կը շարունակէ մնալ մեր լաւագոյն ընտրանքը»:
Ան յայտնեց, որ Քաթարի սննդեղէնի պաշարներուն կացութեան վերաբերեալ որեւէ մտահոգութիւն գոյութիւն չունի` աւելցնելով. «Քաթարի մէջ ամերիկեան ռազմակայանի առաքելութեան մէջ որեւէ փոփոխութիւն չենք նախատեսեր»:
Քաթարի արտաքին գործոց նախարարը նաեւ յայտարարեց. «Իրան պատրաստ է մեզի սննդեղէն մատակարարելու եւ իր նաւահանգիստներէն երեքը պիտի յատկացնէ Քաթարին»:
«Քաթար գալիք թրքական ուժերը ամբողջ շրջանի ապահովութեան համար են», ըսաւ ան: Նշենք, որ Թուրքիոյ խորհրդարանը չորեքշաբթի օր վաւերացուցած էր Քաթարի մէջ թրքական ուժերու տեղակայման համաձայնագիրը, որ ստորագրուած էր դեկտեմբեր 2015-ին: