Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ստորագրած է իր երկրին խորհրդարանին կողմէ որդեգրուած Քաթարի մէջ թրքական ուժեր տեղակայելու մասին որոշումը:
Թուրքիոյ խորհրդարանը չորեքշաբթի օր հաստատած էր օրինագիծ մը, որ կառավարութեան կ՛արտօնէր Քաթարի թրքական ռազմակայանին մէջ թրքական ուժեր տեղակայել: Օրինագիծը որդեգրուած էր 240 թեր ձայներով:
Թուրքիա Քաթար պիտի ուղարկէ 90 զինուոր, պատերազմական օդանաւ եւ մարտանաւ: Յառաջիկայ երկու ամսուան ընթացքին կը նախատեսուի Քաթարի մէջ թուրք զինուորներուն թիւը աւելի ուշ հասցնել 250-ի:
Թուրք զինուորականները նախ պէտք է վերապատրաստեն քաթարցի կիսազինուորական ոստիկանութեան անդամները: Յառաջիկայ օրերուն թրքական յատուկ պատուիրակութիւն մը պիտի այցելէ Քաթար` համապատասխան ուսումնասիրութիւններ կատարելու:
Թուրքիոյ ընդդիմութիւնը, մասնաւորաբար Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը, դէմ արտայայտուած էր համաձայնագիրի վաւերացման` զգուշացնելով, որ անիկա Քաթարի հարցին մէջ Թուրքիան կողմնակալ դիրքի պիտի մղէ, ինչ որ կրնայ նոր խնդիրներ ստեղծել արտաքին քաղաքականութեան մէջ:
Թրքական «Հապերլեր» կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիայէն ետք Քաթարի մէջ զօրք տեղակայելու որոշում տուած է նաեւ Փաքիստան: Ըստ թրքական կայքին, այդպիսի քայլ մը կրնայ թուրք-փաքիստանեան առաւել աշխուժ ռազմավարական համագործակցութեան հիմք հանդիսանալ:



