Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ռուսիա-Ամերիկա Պատերազմի Պարագային Ոչ Ոք Ողջ Պիտի Մնայ» Կ՛ըսէ Փութին

June 9, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին ամերիկացի բեմադրիչ Օլիվըր Սթոնի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ բացայայտ եւ համապարփակ զինեալ տագնապի պարագային ոչ ոք ողջ պիտի մնայ:

Սթոն Փութինի հետ դէմ առ դէմ ձեւաչափով զրոյցներու շարքի մը հիման վրայ նկարահանած է չորս բաժիններէ բաղկացած վաւերագրական շարժանկար մը, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ «Շոթայմ» պատկերասփիւռի կայանէն պիտի ցուցադրուի 12-15 յունիսին:

«Ես կը կարծեմ, որ ոչ ոք ողջ պիտի մնայ», ըսած է Ռուսիոյ նախագահը` պատասխանելով այն հարցումին, թէ ըստ իրեն, Միացեալ Նահանգներ պիտի յաջողի՞ յաղթել, եթէ Մոսկուայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ դիմակայութիւնը վերածուի թէժ զինուորական փուլի: Բացի ատկէ, Սթոն հետաքրքրուած է, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահի պաշտօնին Տոնալտ Թրամփի ընտրուիլը արդեօք յոյս կու տա՞յ բարելաւելու ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւնները: «Յոյսը միշտ ալ կայ», պատասխանած է Փութին:

Փութին նաեւ յայտարարած է, որ ՕԹԱՆ իր գոյութիւնը կ՛արդարացնէ` միշտ արտաքին թշնամիներ փնտռելով: «Արեւելեան դաշինքը այլեւս չկայ, ո՛չ ալ Խորհրդային Միութիւնը կայ: Այնպէս որ, ինչո՞ւ ՕԹԱՆ-ը կը շարունակէ գոյութիւն ունենալ:  Այն տպաւորութիւնը ունիմ, որ որպէսզի արդարացնէ իր գոյութիւնը, ՕԹԱՆ կարիքը ունի արտաքին թշնամիի», յայտարարած է Փութին:

Նախապէս Ռուսիոյ նախագահը ՕԹԱՆ-ը կոչած էր Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան գործիք, ուր չկան դաշնակիցներ, այլ միայն վասալներ:

«Երբ երկիրը կը դառնայ ՕԹԱՆ-ի անդամ, անոր արդէն շատ դժուար է դիմակայել այդպիսի մեծ անդամ-երկրի ճնշումին, ինչպիսին են Միացեալ Նահանգները», ըսած է Փութին:

 

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Իրանի Նախագահին Ուղղած Նամակով Դատապարտեց Թեհրանի Մէջ Պատահած Ահաբեկչական Արարքները

Յաջորդը

Թուրքիան Եւ Ազրպէյճանը Ռազմափորձեր Պիտի Կատարեն Նախիջեւանի Մէջ

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.