Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսլամական Համագործակցութեան Կազմակերպութեան Անդամները Մտադիր Են Իսրայէլի ՄԱԿ-ի Անդամակցութեան Կասեցման Հասնիլ

August 27, 2025
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԻՀԿ) անդամ պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարները Ժետտայի մէջ իրենց հանդիպումէն ետք որդեգրեցին միացեալ յայտարարութիւն մը, որ հրապարակուեցաւ կազմակերպութեան պաշտօնական կայքին վրայ:

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ յայտարարութեան առանցքային կէտերը.

– Ռամալլայի մէջ տեղակայուած Պաղեստինի ազգային վարչակազմը պէտք է վերահսկողութիւն ձեռք բերէ պաղեստինեան բոլոր տարածքներուն վրայ եւ պատասխանատու ըլլայ անվտանգութեան համար:

– ԻՀԿ-ի երկիրները կոչ կ՛ուղղեն` դադրեցնելու Իսրայէլին զէնքի եւ զինամթերքի մատակարարումը` պաղեստինցիներուն դէմ բռնութիւնը կանխարգիլելու համար:

– Իսրայէլի իշխանութիւնները պէտք է անյապաղ դադրեցնեն Կազայի մէջ զինուորական գործողութիւնները եւ առանց նախապայմաններու վերցնեն շրջանի շրջափակումը:

– Ժողովին մասնակիցները դատապարտած են խաղաղութեան նախաձեռնութիւններու Իսրայէլի կողմէ մերժումը եւ միջնորդներու հետ զինադադարի հասնելու համար համագործակցելու ցանկութենէն հրաժարիլը:

– ԻՀԿ-ի անդամ պետութիւնները մտադիր են հասնիլ ՄԱԿ-ի մէջ Իսրայէլի անդամակցութեան կասեցման:

– Նախարարները կոչ ուղղած են Իսրայէլը Արդարադատութեան միջազգային դատարանին մէջ պատասխանատուութեան ենթարկելու` Կազայի եւ Այսրյորդանանի պաղեստինցիներուն դէմ զինուորական յանցագործութիւններու եւ ցեղասպանութեան համար:

– ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը սեպտեմբերին Կազայի մէջ Իսրայէլի գործողութիւններուն վերաբերեալ պէտք է Ընդհանուր ժողովի արտակարգ նիստ գումարէ:

– ԻՀԿ-ի անդամ պետութիւնները խորհուրդ տուած են վերատեսութեան ենթարկել Իսրայէլի հետ դիւանագիտական եւ տնտեսական յարաբերութիւններու մակարդակը:

– Նախարարները միեւնոյն ժամանակ աջակցութիւն յայտնած են Եգիպտոսի, Քաթարի եւ Միացեալ Նահանգներու Կազայի մէջ զինադադարի համաձայնութեան հասնելու ջանքերուն: Կը նշուի, որ պաղեստինեան կողմը ընդունած է, եւ Իսրայէլի կողմէ անպատասխան մնացած վերջին առաջարկը «կրնայ կարեւոր գործարքի յանգեցնել»:

Նախորդը

Նշմար. Շարունակե՛նք Գործը…

Յաջորդը

Թրամփը` Ալիեւին. «Իլհա՛մ, Դուն Մեծ Ղեկավար Ես»

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.