Դամասկոսի մօտ եօթը զոհ արձանագրուած է, երբ Իսրայէլ չորեքշաբթի գիշեր օդային յարձակում գործած է:
Այս մասին կը հաղորդեն սուրիական աղբիւրները` նշելով, որ իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարքերու հարուածներուն պատճառով վեց սուրիացի զինուոր սպաննուած է Դամասկոսի արուարձաններէն մէկուն մէջ, իսկ այլ զինուոր մըն ալ` Կոլանի բարձունքներէն ոչ հեռու գտնուող Թարանիա գիւղին մօտ:
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց. «Իսրայէլեան յարձակումը համահունչ է` շրջանի անվտանգութիւնը խաթարելու նպատակով իսրայէլեան բռնագրաւումին որդեգրած թշնամական իրերայաջորդ քաղաքականութիւններուն»: