Իսրայէլի ազգային անվտանգութեան խորհուրդի խորհրդական Անան Ուահպի յայտարարեց, թէ Սուէյտայի Սուրիայէն անջատուելու փուլը սկսած է:
Ուահպի իսրայէլեան «Այ24նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Անջատումը միջազգային ծածկոյթ ու ճանաչում կ՛ուզէ, ինչպէս անկախութեան երթ կատարելը: Օրինակ` Լիբանանը երեք տարուան մէջ փուլային կերպով անկախացաւ»:
«Կը կարծեմ, որ Սուէյտան առաջին փուլը սկսաւ, Սուրիոյ հարաւին մէջ տեղի ունեցած բարբարոսական հարուածէն ետք, այդ շրջանի եւ այլ շրջաններու բոլոր ղեկավարները գիտակցեցան, թէ Սուրիան պիտի չդառնայ այն, ինչ որ կը փափաքէր ըլլալ: Անիկա բոլորին կողմէ յարգուած գերագոյն եւ սրբազան շահերու տէր միացեալ ժողովուրդի մը պետութիւնը չէր, այլ բռնատիրութիւն մը, ուր կ՛իշխէր կեդրոնական զինուորական իշխանութիւն մը, եւ երբ առիթ ընծայուեցաւ այլ բան կառուցելու, հաւատադրժողութեան, քանդումի եւ հրկիզման նոյն գործելաոճը վերադարձաւ», աւելցուց ան:
«Այս տեսակը չի կրնար ազգ եւ պետութիւն կառուցել: Բան մը, որուն անդրադարձան խմբաւորումները, որոնք գիտակցեցան, թէ պէտք է առնուազն իրենց շրջանին մէջ մեկուսանան, իրենք զիրենք պաշտպանեն, եւ աշխարհագրական տարածք մը առնեն իրենց ինքնութեամբ ապրելու համար… եւ կը բացառեմ, որ Սուրիան յառաջիկայ տարիներուն ընթացքին յաջողի ժողովուրդ դառնալ», նշեց իսրայէլացի պաշտօնատարը:
Յիշեցնենք, որ Սուրիոյ մէջ տիւրզիներու հոգեւոր պետ շէյխ Հիքմեթ Հըժրի երկուշաբթի օր «աշխարհի պատուաւորներուն եւ ազատ պետութիւններուն» կոչ ուղղեց` «անջատ շրջան յայտարարելու համար մեր կողքին կանգնելու»:
«Մեր երթը սկսաւ նոր խորագիրի տակ վերջին աղէտէն ետք, որուն նպատակը Սուրիոյ մէջ տիւրզի համայնքը ցեղասպանութեան ենթարկելն էր», նշեց Սուրիոյ մէջ տիւրզիներու հոգեւոր պետը:
«Ազգային պահակագունդը առնչակից պետութիւններուն երաշխիքով հողը պիտի պաշտպանէ», նշեց շէյխ Հըժրի: