Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ «Սքայ Նիուզ Արապիա»-ի. Ուաշինկթըն Յանկարծակի Կերպով Որոշած Է Իր Ուժերը Դուրս Բերել Իրաքի Երկու Ռազմակայաններէն

Օգոստոս 28, 2025
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներ յանկարծակի կերպով որոշած են իրենց բոլոր ուժերը հեռացնել Իրաքի Այն Ասատ եւ Վիքթորիա ռազմակայաններէն: Այս մասին կը հաղորդէ «Սքայ Նիուզ Արապիա»-ն` մէջբերելով իր աղբիւրները:

Աղբիւրները յայտնած են, որ ամերիկեան զօրքերը կը սկսին իրենց անձնակազմի Էրպիլ եւ դրացի արաբական երկիր տեղափոխումը:

Կը հաղորդուի. «Ամերիկացիները իրենց իրաքցի գործընկերները տեղեկացուցած են, որ պիտի արագացնեն զօրքերու դուրսբերման հոլովոյթը եւ պիտի չհետեւին երկու երկիրներուն միջեւ շրջագծային համաձայնագիրով սահմանուած ժամանակացոյցին»:

Իրաքի զինեալ ուժերու գլխաւոր հրամանատարի բանբեր Սապահ Նուման երկուշաբթի օր հաստատած է, որ Միջազգային դաշինքի ուժերու Իրաքէն դուրս բերումը իրաքեան կառավարութեան ձեռքբերումներէն մէկն է` նշելով, որ ատիկա ցոյց կու տայ ահաբեկչութիւնը դիմակայելու Իրաքի կարողութիւնը:

«Սքայ Նիուզ Արապիա» կը հաղորդէ, որ Իրաքի մէջ Միջազգային դաշինքը բացատրած է, որ ատիկա տակաւին ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի աւարտը չէ:

«Իրաքի մէջ դաշինքի զինուորական առաքելութիւնը պիտի անցնի անվտանգութեան ոլորտին մէջ աւելի աւանդական երկկողմանի գործընկերութեան», կը նշէ պատկերասփիւռի կայանը:

Նախորդը

«Ռոյթըրզ». «Ուժանիւթային Շարք Մը Գործարքներու Շուրջ Ռուս-Ամերիկացի Պաշտօնատարներու Գաղտնի Քննարկումներ»

Յաջորդը

Իսրայէլ Դարձեալ Հարուածեց Սուրիան

RelatedPosts

Այսօր Շարմ Շէյխի Մէջ Կազայի Խաղաղութեան Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Շարմ Շէյխի Մէջ Կազայի Խաղաղութեան Վեհաժողով

Հոկտեմբեր 13, 2025
Թրամփ. «Նոպելեան Մրցանակը Ստացած Անձը Ինծի Հեռաձայնեց Եւ Ըսաւ. Որ Զայն Ի Պատիւ Ինծի Կ՛ընդունի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Նոպելեան Մրցանակը Ստացած Անձը Ինծի Հեռաձայնեց Եւ Ըսաւ. Որ Զայն Ի Պատիւ Ինծի Կ՛ընդունի»

Հոկտեմբեր 13, 2025
Արիւնալի Մարտեր Փաքիստան-Աֆղանիստան Սահմանին Վրայ, Կան Տասնեակ Մը` Զոհեր Երկու Կողմերէն
Գլխաւոր լուրեր

Արիւնալի Մարտեր Փաքիստան-Աֆղանիստան Սահմանին Վրայ, Կան Տասնեակ Մը` Զոհեր Երկու Կողմերէն

Հոկտեմբեր 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?