Միջազգային

Օրպան. «Եւրոպական Միութիւնը Կը Գտնուի  Փլուզման Փուլի Մէջ, Իսկ Ուքրանիան  Պիտի Բաժնուի 3 Գօտիի»

Օրպան. «Եւրոպական Միութիւնը Կը Գտնուի Փլուզման Փուլի Մէջ, Իսկ Ուքրանիան Պիտի Բաժնուի 3 Գօտիի»

Եւրոպական Միութիւնը կը գտնուի քայքայման վիճակի մէջ, եւ եթէ արմատական փոփոխութիւններ չըլլան, յաջորդ եօթնամեայ պիւտճէն պիտի ըլլայ վերջինը: Այս մասին յայտարարած է Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպան: Ան, միեւնոյն ժամանակ, նախատեսած է պատերազմի աւարտէն ետք Ուքրանիոյ ռուսական, ապառազմականացուած եւ արեւմտեան գօտիներու բաժանումը: «Այսօր եւրոպացիները գեղեցիկ կերպով կը խօսին անվտանգութեան երաշխիքներու մասին, սակայն այդ երաշխիքները իրականութեան մէջ Ուքրանիոյ բաժանում կը նշանակեն: Արդիւնքը...

Մերժելով Մոսկուա Երթալու Հրաւէրը.  Զելենսքի Փութինը Կը Հրաւիրէ Քիեւ

Մերժելով Մոսկուա Երթալու Հրաւէրը. Զելենսքի Փութինը Կը Հրաւիրէ Քիեւ

Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի Ռուսիոյ ղեկավար Վլատիմիր Փութինը հրաւիրած է Քիեւ` բանակցութիւններու, ընդգծելով, որ ինք չի կրնար Մոսկուա երթալ: Ուքրանիոյ նախագահը ամերիկեան «Էյ.Պի.Սի. Նիուզ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է. «Ան կրնայ Քիեւ գալ: Ես չեմ կրնար Մոսկուա երթալ, երբ իմ երկիրը հրթիռներու տակ է, ամէն օր յարձակման տակ է: Ես չեմ կրնար երթալ ահաբեկիչի մայրաքաղաք»: Զելենսքի աւելցուցած է, որ Փութինի`...

Ռուսական Բանակը Յարձակած Է Քիեւի Վրայ.  Հրդեհուած Է Կառավարութեան Շէնքը

Ռուսական Բանակը Յարձակած Է Քիեւի Վրայ. Հրդեհուած Է Կառավարութեան Շէնքը

Ռուսական բանակը 7 սեպտեմբերի գիշերը զանգուածային յարձակում սկսած է Քիեւի վրայ: Անօդաչու թռչող սարքի հաւանական խոցման ժամանակ կառավարութեան շէնքին մէջ հրդեհ բռնկած է: Այս մասին «Առ.Պի.Քէյ-Եուքրէյն»-ին յայտնած է Ուքրանիոյ մայրաքաղաքի քաղաքապետ Վիթալի Քլիչքօ: «Փեչերսքի շրջանին մէջ, անօդաչու թռչող սարքի հաւանական խոցման հետեւանքով կառավարութեան շէնքին մէջ հրդեհ բռնկած է», ըսած է ան: Քլիչքօ նաեւ աւելցուցած է, որ Սվիոթոշինսքի շրջանին մէջ եւս...

Ըստ «Աքսիոս»-ի.  Ուիթքոֆ Համասին Պատերազմին Վերջ Տալու  Դիմաց Բոլոր Գերիները Ազատ Արձակելու  Գործարքի Վերաբերեալ Պատգամներ Ուղղեց

Ըստ «Աքսիոս»-ի. Ուիթքոֆ Համասին Պատերազմին Վերջ Տալու Դիմաց Բոլոր Գերիները Ազատ Արձակելու Գործարքի Վերաբերեալ Պատգամներ Ուղղեց

Աղբիւր մը ամերիկեան «Աքսիոս» կայքին յայտնած է, թէ Միջին Արեւելքի հարցով ամերիկացի պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆ իսրայէլացի խաղաղութեան գործիչ Կերշոն Պասքինի ճամբով պաղեստինեան Համաս շարժումին պատերազմին վերջ տալու դիմաց բոլոր գերիները ազատ արձակելու գործարքի պատգամներ ուղղած է: «Ուիթքոֆի Համասին ներկայացուցած առաջարկը կը ներառէ քանի մը ընդհանուր սկզբունքներ, ինչպէս նաեւ պատերազմին վերջ տալու դիմաց բոլոր գերիները ազատ արձակել», ըսած է աղբիւրը: «Պասքին...

Ըստ «Սի. Էն. Էն.»-ի.  Հարաւային Քորէայի Մէջ Թրամփ-Ժինփինկ  Հանդիպում Հաւանական Է

Ըստ «Սի. Էն. Էն.»-ի. Հարաւային Քորէայի Մէջ Թրամփ-Ժինփինկ Հանդիպում Հաւանական Է

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ կը պատրաստուի հոկտեմբերին մեկնիլ Հարաւային Քորէա` Ասիա-խաղաղովկիանոսեան տնտեսական համագործակցութեան առեւտուրի նախարարներու հանդիպումին մասնակցելու համար: Այս մասին կը հաղորդէ «Սի.Էն.Էն.»-ը` յղում կատարելով Թրամփի վարչակազմէն երեք պաշտօնատարներու: Ըստ վերջիններուս, հաւանական է, որ Թրամփ հանդիպում ունենայ Չինաստանի նախագահ Շի Ժինփինկի հետ: «Սի.Էն.Էն.»-ի համաձայն, վեհաժողովը նախատեսուած է կատարել Քիոնջու քաղաքին մէջ հոկտեմբերի վերջաւորութեան եւ նոյեմբերի սկիզբը: Մանրամասնութիւնները տակաւին կը...

Քաց «Դժոխքի Դռներ»-ուն  Բացումը Յայտարարեց

Քաց «Դժոխքի Դռներ»-ուն Բացումը Յայտարարեց

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց երէկ յայտարարեց, որ «հիմա դժոխքի դռները կը բացուին», որմէ ետք իսրայէլեան օդուժը սկսաւ Կազայի մէջ բարձրայարկ շէնքերու վրայ իրերայաջորդ յարձակումներ գործել: Քաց աւելցուց. «Երբ դուռը բացուի, պիտի չփակուի, եւ մեր գործողութիւնները աստիճանաբար պիտի աւելնան, մինչեւ որ Համաս ընդունի պատերազմին վերջ տալու մեր պայմանները: Իսրայէլեան բանակը աւելի ուշ յայտարարեց, որ օրերու ընթացքին յարձակում պիտի գործէ զինուորական...

Թրամփ. «Մօտ Օրէն Փութինի Հետ  Պիտի Խօսիմ»

Թրամփ. «Մօտ Օրէն Փութինի Հետ Պիտի Խօսիմ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց, որ ռուս-ուքրանական պատերազմը մինչեւ հիմա իր գործ ունեցած տագնապներուն մէջ ամէնէն դժուարն է, հակառակ այն իրողութեան, որ յաջողած է շարք մը պատերազմներու վերջ տալ: Այս մասին հաղորդեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը: Ան աւելցուց, որ իր երկիրը «շատ շուտով» հաղորդակցութիւններու նման իր ներածումներուն վրայ համեմատաբար մեծ մաքսատուրքեր պիտի հաստատէ: Թրամփ յայտարարեց, որ մօտ օրէն Ռուսիոյ նախագահ...

Փութին. «Պատրաստ Ենք Ուքրանիոյ Հետ  Վեհաժողովի, Եւ Զայն Գումարելու  Լաւագոյն Վայրը Մոսկուան Է»

Փութին. «Պատրաստ Ենք Ուքրանիոյ Հետ Վեհաժողովի, Եւ Զայն Գումարելու Լաւագոյն Վայրը Մոսկուան Է»

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին դարձեալ մերժած է Ուքրանիոյ մէջ արեւմտեան երկիրներու զօրքերու տեղակայման կարելիութիւնը` նշելով, որ եթէ եւրոպացի զինուորները պատերազմի ընթացքին այնտեղ յայտնուին, Ռուսիան զանոնք «օրինական զինուորական թիրախներ» պիտի նկատէ: Ան այս մասին յայտարարած է Վլատիվոսթոքի մէջ` Արեւելեան տնտեսական համախմբումի լիագումար նիստի ընթացքին: Փութինի համաձայն, պատերազմի աւարտէն ետք Ուքրանիոյ մէջ արեւմտեան ուժերու տեղակայման անհրաժեշտութիւն պիտի չըլլայ: Ռուսիոյ նախագահը նաեւ յայտարարած...

Շէյխ Հըժրի. «Ինքնորոշման Իրաւունքը Սրբազան Է,  Եւ Մեր Գողցուած Գիւղերը Պէտք Է  Իրենց Ժողովուրդին Վերադարձուին»

Շէյխ Հըժրի. «Ինքնորոշման Իրաւունքը Սրբազան Է, Եւ Մեր Գողցուած Գիւղերը Պէտք Է Իրենց Ժողովուրդին Վերադարձուին»

Սուրիոյ մէջ տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Հիքմաթ Հըժրի խօսք մը արտասանելով յայտնեց. «Այսօր ձեր դիմաց կը կանգնինք յանուն արժանապատուութեան, իրաւունքի եւ ազատութեան, խօսելով յանուն ժողովուրդի մը, որ տառապանքներէն ուժաթափուեցաւ, սակայն յոյսը չկորսնցուց: Ժողովուրդ մը, որ նահատակներ տուաւ, վէրքերը դարմանեց, հիասթափութիւնը դիմակայեց անսասան համբերատարութեամբ եւ անկոտրում կամքով»: Ան յայտարարեց իրենց «կառչածութիւնը առեւանգեալներու հարցին, եւ կը պահանջեն անոնց անմիջական, առանց նախապայմաններու...

Թրամփ. «Փութինը, Ժինփինկն Ու Ընը  Միացեալ Նահանգներու Դէմ  Դաւադրութիւն Կը Ծրագրեն»

Թրամփ. «Փութինը, Ժինփինկն Ու Ընը Միացեալ Նահանգներու Դէմ Դաւադրութիւն Կը Ծրագրեն»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ իր չին պաշտօնակից Շի Ժինփինկը ամբաստանեց Համաշխարհային Բ. պատերազմին մէջ արձանագրուած յաղթանակի 80-ամեակին առիթով զինուորական տողանցքին ներկայ գտնուելու համար Փեքին գտնուող Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Հիւսիսային Քորէայի ղեկավար Քիմ Եոնկ Ընի հետ Միացեալ Նահանգներու դէմ դաւադրութիւն ծրագրելու յանցանքով: «Նախագահ Շիի եւ չինացի մեծ ժողովուրդին տօնակատարութիւններու հոյակապ օր մը կը մաղթեմ», ըսաւ Թրամփ, սակայն հեգնանքով...

Ժինփինկ. «Աշխարհը Խաղաղութեան Կամ  Պատերազմի Ընտրանքին Առջեւ Կանգնած Է»

Ժինփինկ. «Աշխարհը Խաղաղութեան Կամ Պատերազմի Ընտրանքին Առջեւ Կանգնած Է»

Չինաստանի նախագահ Շի Ժինփինկ Փեքինի մէջ Համաշխարհային պատերազմին մէջ արձանագրուած յաղթանակի 80-ամեակին նուիրուած զինուորական մեծ տողանցքի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ նշեց. «Աշխարհը խաղաղութեան կամ պատերազմի ընտրանքին առջեւ կանգնած է»: «Պիտի արագացնենք համաշխարհային մակարդակի բանակի կառուցումը եւ վճռականութեամբ պիտի պաշտպանենք մեր գերիշխանութիւնը», նշեց Ժինփինկ: «Այսօր այստեղ հաւաքուած ենք ամրապնդելու խաղաղութիւնը եւ հասարակաց ապագայ կառուցելու, այնպիսի պահու մը, որ մարդկութիւնը խաղաղութեան...

Դամասկոսի Օդակայանին Մօտ Պայթում Մը Որոտաց  Քաղաքացիական Թռիչքներու Վարչութիւն. «Պայթիւնը Պատերազմական Սարքերու Մնացորդացի Փճացման Հետեւանք Էր»

Դամասկոսի Օդակայանին Մօտ Պայթում Մը Որոտաց Քաղաքացիական Թռիչքներու Վարչութիւն. «Պայթիւնը Պատերազմական Սարքերու Մնացորդացի Փճացման Հետեւանք Էր»

«Գանձասար» հաղորդեց, որ երէկ յետմիջօրէին սուրիական տեղական աղբիւրներ յայտնեցին, որ Դամասկոսի միջազգային օդակայանին մօտ, զինուորական նախկին կեդրոնի մը մէջ պայթում մը որոտաց: Սուրիոյ քաղաքացիական թռիչքներու վարչութիւնը յայտարարեց, որ Դամասկոսի միջազգային օդակայանի մօտակայքը չորեքշաբթի յետմիջօրէին լսուած պայթիւնը հետեւանք էր պատերազմական սարքերու մնացորդներու փճացումին: Յիշեալ մնացորդները ապահով կերպով ոչնչացուած են օդակայանէն հեռու գտնուող տարածքի մը մէջ: Վարչութիւնը թելեկրամեան իր ալիքին վրայ հրապարակուած...

Զախարովա. «Ռուսիան Թրամփի  Պատասխան Այցելութեան Կը Սպասէ»

Զախարովա. «Ռուսիան Թրամփի Պատասխան Այցելութեան Կը Սպասէ»

Ռուսական կողմը կը սպասէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի պատասխան այցելութեան: Այս մասին ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա: «Այս մասին ըսած է մեր երկրի նախագահը` ամփոփելով Ալասքայի վեհաժողովին իր մասնակցութեան արդիւնքները: Ան համապատասխան յայտարարութիւններ կատարած է, եւ ես կրնամ նաեւ զինք մէջբերել: Ան հրապարակաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահը հրաւիրած է Ռուսիա»,...

Քիեւն Ու Պաքուն Կ՛ամրապնդեն  Ռազմավարական Գործընկերութիւնը

Քիեւն Ու Պաքուն Կ՛ամրապնդեն Ռազմավարական Գործընկերութիւնը

Քիեւն ու Պաքուն համաձայնած են երկկողմանի ռազմավարական գործընկերութիւնը ամրապնդելու ուղղութեամբ քայլերու ձեռնարկելու: Այս մասին «Էքս»-ի վրայ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց փոխնախարար Սամիր Շարիֆովի հետ հանդիպումէն ետք գրառում կատարելով յայտարարած է Պաքուի մէջ Ուքրանիոյ դեսպան Եուրի Կուսեւը: Ուքրանիոյ դեսպանը իր հրապարակած գրառման մէջ շնորհակալութիւն յայտնած է Ալիեւի վարչակազմին կողմէ իր երկրին ցուցաբերուող աջակցութեան համար: Ռուս-ազրպէյճանական լարուածութեան լոյսին տակ Ուքրանիոյ իշխանութիւնները վերջին շաբաթներուն...

Փութին. «Ռուսիան Երբեք Չէ Առարկած  Ուքրանիոյ` Եւրոպական Միութեան Անդամակցութեան,  Սակայն ՕԹԱՆ-ը Այլ Հարց Է»

Փութին. «Ռուսիան Երբեք Չէ Առարկած Ուքրանիոյ` Եւրոպական Միութեան Անդամակցութեան, Սակայն ՕԹԱՆ-ը Այլ Հարց Է»

Ռուսիան երբեք չէ առարկած Ուքրանիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան, սակայն ՕԹԱՆ-ը այլ հարց է: Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին` աւելցնելով, որ Մոսկուան անընդունելի կը նկատէ Ուքրանիոյ` ՕԹԱՆ-ին անդամակցութիւնը: «Ուքրանիոյ անվտանգութեան երաշխիքներու ապահովման շուրջ համախոհութիւն կարելի է գտնել: Ուքրանիան ինք պէտք է որոշէ` ինչպէ՛ս ապահովել իր անվտանգութիւնը: Ուքրանիոյ անվտանգութիւնը չի կրնար ապահովուիլ Ռուսիոյ անվտանգութեան հաշուոյն», շեշտած է Փութին` աւելցնելով,...

Պելճիքան Պիտի Ճանչնայ  Պաղեստինի Պետութիւնը

Պելճիքան Պիտի Ճանչնայ Պաղեստինի Պետութիւնը

Պելճիքայի արտաքին գործոց նախարար Մաքսիմ Փրեւօ երէկ յայտարարեց, թէ իր երկիրը 9-23 սեպտեմբերի ընթացքին Նիւ Եորքի մէջ գումարուող ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ընթացքին պիտի ճանչնայ Պաղեստինի պետութիւնը եւ Իսրայէլի դէմ «խիստ պատժամիջոցներ» պիտի հաստատէ: Նշենք, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն յուլիսին յայտարարեց, թէ իր երկիրը ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ընթացքին պիտի ճանչնայ Պաղեստինի պետութիւնը: 12 այլ պետութիւններ, ներառեալ Աւստրալիան, Բրիտանիան եւ Քանատան...

Ըստ «Ուալլա» Կայքին.  Սահեր Ռուպիոյին Յայտնած Է, Թէ Իսրայէլ  Կը Պատրաստուի Մօտ Օրէն  Այսրյորդանանի Կցումը Յայտարարելու

Ըստ «Ուալլա» Կայքին. Սահեր Ռուպիոյին Յայտնած Է, Թէ Իսրայէլ Կը Պատրաստուի Մօտ Օրէն Այսրյորդանանի Կցումը Յայտարարելու

Բռնագրաւեալ Այսրյորդանանի եւ անոր վրայ «գերիշխանութիւն հաստատելու» հարցը քննարկուած է Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Սահերի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյի միջեւ ժողովի ընթացքին: Այս մասին կը հաղորդէ իսրայէլեան «Ուալլա» կայքը: Սահեր անցեալ հինգշաբթի օր տեղի ունեցած նշեալ ժողովի ընթացքին իր ամերիկացի պաշտօնակիցին յայտնած է, թէ Իսրայէլ «յառաջիկայ քանի մը ամսուան ընթացքին» Այսրյորդանանի Իսրայէլի կցումը պիտի յայտարարէ:...

«Ուաշինկթըն Փոսթ» Կը Հրապարակէ  Կազայի Վերաբերեալ Թրամփի Ծրագիրը

«Ուաշինկթըն Փոսթ» Կը Հրապարակէ Կազայի Վերաբերեալ Թրամփի Ծրագիրը

Ամերիկեան ազդեցիկ «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթը հրապարակեց այսպէս կոչուած Կազայի դէմ «պատերազմի յաջորդ օրուան» վերաբերեալ ծրագիրը, որուն վրայ կ՛աշխատի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմը: Ծրագիրը կը ներառէ Կազայի վրայ առնուազն 10 տարուան ամերիկեան հոգատարութիւն, պաղեստինցիներու «կամաւոր» տեղահանութիւն` իւրաքանչիւր պաղեստինցիի 5000 տոլարի փոխհատուցումով, եւ 4 տարուան վարձքի եւ մէկ տարի սննդեղէնի աջակցութեան տրամադրումով, ինչպէս նաեւ Կազան վերածել ներդրումային ու զբօսաշրջական հսկայական...

Ըստ «Աքսիոս»-ի.  Թրամփ Լրջօրէն Կը Մտածէ Ուքրանիոյ  Վերաբերեալ Դիւանագիտական Իր Ջանքերէն  Ետդարձ Կատարելու Մասին

Ըստ «Աքսիոս»-ի. Թրամփ Լրջօրէն Կը Մտածէ Ուքրանիոյ Վերաբերեալ Դիւանագիտական Իր Ջանքերէն Ետդարձ Կատարելու Մասին

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ լրջօրէն կը մտածէ Ուքրանիոյ վերաբերեալ դիւանագիտական իր ջանքերէն ետդարձ կատարելու մասին: Այս մասին հաղորդեց «Աքսիոս»-ը` մէջբերելով Սպիտակ տան պաշտօնատարի մը խօսքը: «Թրամփի որոշումը կապ ունի Ուքրանիոյ պատերազմի երկու կողմերէն մէկուն կամ երկուքին յաւելեալ ճկունութիւն ցուցաբերելուն հետ», յայտնած է պաշտօնատարը: «Եւրոպացիները չեն կրնար Ուքրանիոյ պատերազմը երկարաձգել, սակայն կը նախատեսեմ, որ անոր ծախսերը մենք հոգանք», նշեց ան:...

Մինչ Ուիթքոֆ «Իսկական Յառաջընթաց» Կը Նախատեսէ.  Քրեմլին Այսօր Ռիատի Մէջ Ուաշինկթընի Հետ «Դժուար Բանակցութիւններ» Կը Նախատեսէ

Քրեմլին. «Եւրոպան Կը Խոչընդոտէ Ուքրանիոյ Մէջ Խաղաղութիւն Հաստատելու Թրամփի Ջանքերը»

Քրեմլին նշեց, որ եւրոպական ուժերը կը խոչընդոտեն Ուքրանիոյ մէջ խաղաղութիւն հաստատելու Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ջանքերը, եւ Ռուսիան պիտի շարունակէ Ուքրանիոյ մէջ իր գործողութիւնները, մինչեւ որ Մոսկուան իսկական ցուցանիշ մը տեսնէ, թէ Քիեւ խաղաղութեան պատրաստ է: Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով պետական լրատուամիջոցներու լրագրողներու յայտնեց, թէ «պատերազմի եւրոպական կուսակցութիւնը» կը շարունակէ Ուքրանիոյ վերաբերեալ ամերիկեան եւ ռուսական ջանքերը խոչընդոտել: «Մենք պատրաստ...

Page 68 of 882 1 … 67 68 69 … 882

Արխիւներ