Թուրքիան Գերմանիոյ Հետ Յարաբերութիւններու Բարելաւում Կ՛ակնկալէ Պունտըսթակի Ընտրութիւններէն Ետք
Անգարայի եւ Պերլինի միջեւ յարաբերութիւնները Պունտըսթակի ընտրութիւններէն ետք պէտք է բարելաւուին: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան: «Եւրոպական Միութեան կողմէ քննադատութիւնը կապուած է անոնց ներքին քաղաքականութեան: Կը կարծեմ, որ ընտրութիւններէն ետք իրավիճակը պիտի բարելաւուի», ըսած է Էրտողան: Նշենք, որ Պունտըսթակի ընտրութիւնները նախատեսուած են 24 սեպտեմբերին:




















