Անգարայի եւ Պերլինի միջեւ յարաբերութիւնները Պունտըսթակի ընտրութիւններէն ետք պէտք է բարելաւուին: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան:
«Եւրոպական Միութեան կողմէ քննադատութիւնը կապուած է անոնց ներքին քաղաքականութեան: Կը կարծեմ, որ ընտրութիւններէն ետք իրավիճակը պիտի բարելաւուի», ըսած է Էրտողան:
Նշենք, որ Պունտըսթակի ընտրութիւնները նախատեսուած են 24 սեպտեմբերին: