Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հիւսիսային Քորէայի Ղեկավարի «Աջ Ձեռք»-ը Կը Զգուշացնէ Օգոստոսի Կիսուն Կուամի Դէմ Կատարուելիք Հաւանական Յարձակումէ Մը

August 12, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հիւսիսային Քորէայի ղեկավար Քիմ Չեն Ընի «աջ ձեռք»-ը նկատուող զօր.Քիմ Ռաք Կիոմ, որ երկրի հիւլէական ուժերու գլխաւոր հրամանատարն է, անդրադառնալով Փիոնկիանկի եւ Ուաշինկթընի միջեւ ստեղծուած նախապատերազմական իրավիճակին, նշած է. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի պէս մարդու մը հետ կարելի չէ բանակցիլ»:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երէկ յայտարարեց.«Եթէ Հիւսիսային Քորէա իմաստութեամբ չվարուի, մեր զինուորական ընտրանքները պատրաստ են»:

«Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը նշեց, որ Չինաստան Միացեալ Նահանգներուն եւ Հիւսիսային Քորէային կոչ ուղղած է զգուշ գտնուելու եւ լարուածութիւնը մեղմացնելու:

Բրիտանական «Տէյլի Մէյլ» օրաթերթը կը նշէ նաեւ, որ զօր. Կիոմ աւելցուցած է, թէ Հիւսիսային Քորէան կ՛ուսումնասիրէ օգոստոսի կէսերուն ամերիկեան ռազմակայաններու կեդրոն եղող Կուամ կղզին հրթիռակոծելու ծրագիրը:

Բարձրաստիճան զինուորականը նշած է, որ Հիւսիսային Քորէան մտադիր է արձակել միաժամանակ 4 հրթիռ, որոնք 17:45 վայրկեանէն կրնան հասնիլ Կուամ:

Բրիտանական «Տը Կարտիըն» իր կարգին կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներն ու Հարաւային Քորէան պիտի չտկարանան հիւսիսային քորէական սադրանքներուն դիմաց եւ ծովային, ցամաքային ու օդային մեծ ռազմափորձեր պիտի կատարեն: Փիոնկիանկի նախայարձակումը զսպելու ուղղուած ռազմափորձերը, որոնց պիտի մասնակցին ամերիկացի եւ հարաւային քորէացի զինուորներ, տեղի պիտի ունենան 21-31 օգոստոսին:

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Ճէյմս Մաթիս յայտնեց, որ Հիւսիսային Քորէայի հետ որեւէ պատերազմ պիտի ըլլայ «աղէտալի»` շեշտելով, որ Փիոնկիանկի հետ տագնապը լուծելու ամերիկեան ջանքերը ներկայիս կեդրոնացած են դիւանագիտութեան վրայ:

Միւս կողմէ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ յայտարարեց. «Ռուսիա պիտի չընդունի, որ Հիւսիսային Քորէան հիւլէական զէնքի տէր դառնայ»:

 

Նախորդը

Չինաստան Միացեալ Նահանգները Կը Մեղադրէ Իր Գերիշխանութիւնը Եւ Միջազային Օրէնքի Արժեչափերը Խախտելու Ամբաստանութեամբ

Յաջորդը

Թրամփ Կը Սպառնայ Իրանի Դէմ Խիստ Միջոցառումներ Որդեգրել

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.