Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի երեք կիներ նշանակած է իրանեան կառավարութեան կազմին մէջ: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը նշէ, որ այս մասին հաղորդած է Իրանի նախագահի պաշտօնական կայքը:
Իրաւական հարցերով փոխնախագահ Մաժիտ Անսարիի փոխարէն նշանակուած է Լայա Ճունէյտին: Նոր կառավարութեան կազմին մէջ նախագահի` կիներու եւ ընտանիքի հարցերով տեղակալ ընտրուած է Մասումա Էպթեքարը` այդ պաշտօնին փոխարինելով Շահինոխթ Մոլտավերտին, որ նախագահին կողմէ նշանակուած է քաղաքացիներու իրաւունքներու հարցերով իր օգնականը:
Ռուհանի 8 օգոստոսին խորհրդարանի վաւերացման ներկայացուցած է նախարարաց նոր խորհուրդին մէջ պաշտօններու թեկնածուներու ցուցակը, որմէ ետք երեսփոխանները պիտի սկսին ստուգել թեկնածուներու անձնական գործերը եւ ուսումնասիրել նոր պաշտօնին վերաբերող անոնց ծրագիրները:
Նախագահին կողմէ ներկայացուած նախարարական պաշտօններու թեկնածուներու ցուցակին մէջ կիներ չկան:
Միակ կինը, որ Իրանի իսլամական հանրապետութեան մէջ նախարարական պաշտօն վարած է Մարզիէ Վահիտ Տասթճերտին է. ան առողջապահութեան եւ բժշկական կրթութեան նախարար էր Իրանի նախկին նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատի նախարարաց խորհուրդին մէջ: