Սուրիոյ բանակի տեղեկատուական գրասենեակը յայտարարեց, որ Սուրիոյ բանակն ու անոր դաշնակիցները իրենց վերահսկողութեան տակ առած են Սուէյտայի ամբողջ անապատը` նշելով, որ խօսքը 4000 քառակուսի քիլոմեթրի մասին է:
«Մայատին» իր կարգին կը նշէ, որ այսպիսով Սուրիոյ բանակին ու անոր դաշնակիցներուն վերահսկողութեան տակ կը գտնուին Սուէյտայի մէջ Յորդանանի հետ սահմանին վերահսկող բոլոր կէտերն ու կեդրոնները: