Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հոկլընտ. «Ամերիկա Մոսկուայի Հետ Կը Շարունակէ Գործակցիլ Արցախի Տագնապը Լուծելու Համար»

Օգոստոս 12, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի տագնապի կողմերուն համար եկած է վստահութեան ամրապնդման ուղղուած քայլերուն ժամանակը. միջազգային միջնորդներուն անունով այսպէս յայտնած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ռիչըրտ Հոկլընտ, «Ամերիկայի Ձայն»-ի հայկական եւ ազրպէյճանական ծառայութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ 10 օգոստոսին կատարուած հարցազրոյցին ընթացքին:

Ան յոյս յայտնած է, որ մօտիկ ապագային այս ուղղութեամբ կ՛իրականացուին որոշ քայլեր: «Կը գիտակցիմ, որ այս պահուն դժուար պիտի ըլլայ ամբողջական ապառազմականացման հասնիլ, հակառակ անոր որ ատիկա շատ ցանկալի է, սակայն մենք պէտք է նուազեցնենք զինուորական բախումներու հաւանականութիւնը», ըսած է ան:

Դեսպանին համաձայն, անհրաժեշտ է սահմանամերձ եւ շփման գօտիներէն դուրս բերել արձակազէնները, բազմացնել միջազգային դիտորդներու թիւը եւ յատուկ սարքաւորումներ տեղադրել հսկողութիւնը բարելաւելու նպատակով:

«Երբ երկու զինուած կողմեր բարդ տարածքի մը մէջ իրարու մօտիկ կը գտնուին, բախումի հաւանականութիւնը բարձր կ՛ըլլայ», ըսած է ան` աւելցնելով, որ միջնորդները մեծ ակնկալիքներ ունին Նիւ Եորքի մէջ նախատեսուած Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումէն, որուն նաեւ կրնան յաջորդել բանակցութիւններ` նախագահներ Սարգսեանի եւ Ալիեւի մակարդակով:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ միջնորդները ի՞նչ նոր առաջարկներ ունին նախագահներուն, Հոկլընտ ըսած է. «Առկայ է համապարփակ փաստաթուղթ մը, սակայն կան նաեւ անոր հասնելու քայլեր եւ փուլեր, եւ ես յոյս ունիմ, որ բարձրագոյն մակարդակով յաջորդ բանակցութիւններուն ընթացքին կողմերը լուրջ աշխատանք կը կատարեն: Նոյնիսկ եթէ վերջնական լուծման կարելի չըլլայ հասնիլ, կը յուսամ, որ անոնք կը յայտարարեն որոշ յստակ քայլերու դիմելու մասին»:

Ըստ դեսպանին, տագնապի լուծման հիմնաքարը գտնելն է այնպիսի՛ փոխզիջումներ, որոնք պիտի ապառազմականացնեն իրավիճակը եւ շրջանի ժողովուրդներուն համար պիտի բերեն խաղաղութիւն, բարգաւաճում ու ապահովութիւն:

Ան շեշտած է նաեւ, թէ Արցախի տագնապին խաղաղ լուծում մը գտնելու նպատակով, Միացեալ Նահանգներ կը շարունակեն աշխատիլ Ռուսիոյ հետ, հակառակ երկու երկիրներուն միջեւ վատթարացող յարաբերութիւններուն եւ որդեգրուած փոխադարձ պատժամիջոցներուն: «Իրարու հետ մեր աշխատանքին մէջ բացարձակապէս ոչինչ փոխուած է. համանախագահներուն միջեւ յարաբերութիւնները չե՛ն փոխուած: Քաղաքական գործիչները կրնան բախումներ ունենալ իրարու հետ, սակայն աշխատանքը կը շարունակուի, եւ մենք ատիկա կ՛իրականացնենք` ձեռք-ձեռքի տուած», եզրափակած է ան:

 

 

Նախորդը

Ռուհանի Իրանեան Կառավարութեան Կազմին Մէջ Երեք Կիներ Նշանակած Է

Յաջորդը

«Քաթարեան Տագնապը Բացառապէս Քաղաքական Է Եւ Անոր Լուծումն Ալ Քաղաքական Է» Կ՛ըսէ Քըրքաշ

RelatedPosts

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց

Հոկտեմբեր 15, 2025
Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»
Գլխաւոր լուրեր

Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»

Հոկտեմբեր 15, 2025
Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին.  Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին. Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը

Հոկտեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?