Թուրքիոյ Գոնիա քաղաքին մէջ գտնուող ՕԹԱՆ-ի ռազմակայան այցելել պատրաստուող գերմանացի երեսփոխաններէն Ալեքսանտր Նէու իր մեկնումէն առաջ անվտանգութեան երաշխիք պահանջած է: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Տիքեն» կայքը:
«Ես պէտք է վստահ ըլլամ, որ դուրս պիտի գամ այնտեղէն», ըսած է Գերմանիոյ Ձախերու կուսակցութեան անդամ երեսփոխանը:
Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը, իր կարգին, Գոնիա այցելել պատրաստուող եօթը երեսփոխաններու հաւաստած է, թէ անոնց անվտանգութիւնը ապահովելու համար պիտի կատարուի կարելի ամէն բան:



