Սուտան Եգիպտոսի Դէմ Բողոք Կը Ներկայացնէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդին
Սուտանեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Խարթում ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին պաշտօնապէս նոր բողոքագիր մը ներկայացուցած է Եգիպտոսի հետ վիճելի տարածք նկատուող Հալայէպ շրջանին մէջ եգիպտական միջոցառումներուն դէմ: ՄԱԿ-ի մէջ Սուտանի դեսպան Օման Տահապ Ապահովութեան խորհուրդին յղուած նամակին մէջ յայտնեց, որ եգիպտական իշխանութիւնները 18 մարտին գործադրած են Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի` շէնքերը, առեւտրական կեդրոններն ու սուտանեան կառավարական կառոյցները վերացնելու որոշումը: Եգիպտական ոստիկանութեան...




















