Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փեքին Կը Յուսայ, Որ Հիւսիսային Քորէային Վերաբերող Ռուս-Չինական Ծրագիրը Կ՛Արժանանայ Բոլորին Հաւանութեան

August 15, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Խուա Չունյին երէկ յայտարարած է, թէ Չինաստան յոյսով է, որ Հիւսիսային Քորէայի հիւլէական թղթածրարի խնդիրին լուծումով շահագրգռուած բոլոր կողմերը լրջօրէն կը քննարկեն այդ հարցին վերաբերեալ Մոսկուայի եւ Փեքինի միացեալ նախաձեռնութիւնները: Այդ մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»:

«Ներկայիս Չինաստանը յոյսով է, որ բոլոր կողմերը լրջօրէն պիտի քննարկեն եւ ընդունին լուծման վերաբերեալ Չինաստանի եւ Ռուսիոյ կողմէ ներկայացուած առաջարկները: Անոնք կը հիմնուին «կրկնակի սառեցման» նախաձեռնութեան վրայ եւ նպատակաուղղուած են այն բանին, որ պէտք եղած ձեւով լուծուի Քորէական թերակղզիի խնդիրը», ըսած է Խուա Չունյին:

Անոր համաձայն, Փեքին յոյս ունի, որ բոլոր շահագրգիռ կողմերը իրենց ջանքերը կեդրոնացնեն բանակցային հոլովոյթի շուտափոյթ վերսկսման, ինչպէս նաեւ Քորէական թերակղզիի ճգնաժամի լուծման քաղաքական միջոցներ գտնելու վրայ:

Միեւնոյն ժամանակ չինացի դիւանագէտը խուսափած է պատասխանել այն հարցումին, թէ Փեքին արդեօք չէզոքութիւն պիտի պահպանէ՞ այն պարագային, եթէ Փիոնկիանկ հարուած հասցնէ ամերիկեան Կուամ կղզիին: «Չինական կողմը պիտի չպատասխանէ այդպիսի ենթադրական հարցումներուն: Մենք յոյսով ենք, որ կացութիւնը աստիճանաբար շարժի դէպի լարուածութեան մեղմացում», ընդգծած է Խուա Չունյին:

Ռուսիոյ եւ Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնները նախապէս միացեալ յայտարարութիւն մը տարածած էին Քորէական թերակղզիի խնդիրներուն վերաբերեալ: Երկու կողմերը Հիւսիսային Քորէային առաջարկած են յայտարարել հիւլէական փորձարկումներու եւ հրթիռներու արձակման սառեցում, իսկ Հարաւային Քորէային եւ Միացեալ Նահանգներուն` ձեռնպահ մնալ շրջանին մէջ ռազմափորձեր կատարելէ: Կ՛ենթադրուի, որ զուգահեռաբար դիմակայող կողմերը ձեռնամուխ պիտի ըլլան բանակցութիւններու եւ պիտի հաստատեն փոխադարձ յարաբերութիւններու ընդհանուր սկզբունքները, որոնք պիտի ներառեն ուժ չկիրարկելը եւ Քորէական թերակղզին հիւլէական զէնքերէ զերծ պահելու ուղղուած ջանքեր գործադրելու մտադրութիւնը:

«Կազեթա» կայքը, յղում կատարելով Հարաւային Քորէայի կառավարական աղբիւրի մը, հաղորդեց, թէ Հիւսիսային Քորէայի առանցքային դեսպանները միացեալ խորհրդակցութեան կանչուած են Փիոնկիանկ, ինչ որ կատարուած է վերջին շրջանին երկրին նկատմամբ միջազգային ճնշումի յաւելման լոյսին տակ:

«Ներկայիս Հիւսիսային Քորէան Փիոնկիանկ կանչած է հիմնական պետութիւններու մէջ նշանակուած դեսպանները: Ենթադրաբար, ասիկա կատարուած է դիւանագիտական կազմի մասնակցութեամբ խորհրդակցութիւն կատարելու համար», կը հաղորդէ աղբիւրը:

Փիոնկիանկ վերադարձած դիւանագէտներու շարքին են Չինաստանի, Ռուսիոյ եւ ՄԱԿ-ի մէջ Հիւսիսային Քորէայի դեսպանները:

Յիշեցնենք, որ վերջին քանի մը ամսուան ընթացքին Քորէական թերակղզիին վրայ իրավիճակը կը շարունակէ խիստ լարուած մնալ: Միացեալ Նահանգներ բազմիցս յայտարարած են, թէ «Փիոնկիանկի դէմ ռազմավարական համբերութեան ժամանակաշրջանը արդէն աւարտած է», եւ թէ հիւլէական ծրագիրը աշխուժօրէն զարգացնող Հիւսիսային Քորէայի դէմ հաւանաբար զինուորական ուժ կիրարկուի: Փիոնկիանկ իր կարգին կը սպառնայ ջախջախիչ հարուած հասցնել Միացեալ Նահանգներուն:

Միւս կողմէ, «ՌԻԱ Նովոսթի» հաղորդեց, որ Չինաստան այսօրուընէ Հիւսիսային Քորէայէն շարք մը ապրանքներու ներմուծման արգելք սահմանած է: Այդ մասին նշուած է Չինաստանի առեւտուրի նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:

«15 օգոստոսին Հիւսիսային Քորէայի ածուխի, երկաթի, երկաթի հանքաքարի, կապարի, կապարի հանքաքարի, ծովամթերքի ներմուծման ամբողջական արգելք կը սահմանուի», ըսուած է նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:

Մինչ այդ, Միացեալ Նահանգներու զինեալ ուժերու սպայակոյտերու պետերու միացեալ կոմիտէի նախագահ Ճոզըֆ Տանֆըրտ Հարաւային Քորէայի նախագահ Մուն Ճէ-Ինի հետ հանդիպումի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներ պատրաստ են կիրարկելու իրենց զինուորական բոլոր կարելիութիւնները Փիոնկիանկի հիւլէական սպառնալիքէն պաշտպանուելու համար:

«Ինտիփենտընթ» կը հաղորդէ, որ Տանֆըրտ մանրամասնած է, թէ Ուաշինկթըն կը նախապատրաստէ զինուորական միջոցառումներ, եթէ Հիւսիսային Քորէայի դէմ սահմանուած պատժամիջոցները արդիւնք չտան ու այդ երկիրը շարունակէ վիճայարոյց հիւլէական ծրագիրի զարգացումը:

 

Նախորդը

Փարիզի Մօտ. Ինքնաշարժ Մը Ներխուժեց Փիցցայի Ճաշարան Մը

Յաջորդը

Պուրքինա Ֆասոյի Մէջ Յարձակում` Թրքական Ճաշարանի Մը Դէմ

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.