Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիա Գերմանիայէն Պահանջած Է Արտայանձնել Յեղաշրջման Փորձի Գլխաւոր Մեղադրեալներէն Էօքսիւզը

August 17, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը բողոքագիր մը յղած է Գերմանիոյ` զայն մեղադրելով Թուրքիոյ մէջ յեղաշրջումի փորձին գլխաւոր մեղադրեալներէն Ատիլ Էօքսիւզը թաքցնելու յանցանքով: Թուրքիա Գերմանիայէն պահանջած է արտայանձնել Էօքսիւզը:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու, իր կարգին անդրադառնալով Գերմանիոյ յղուած բողոքագիրին, ըսաւ. «Կիւլենական Էօքսիւզի` Գերմանիոյ մէջ գտնուելուն վերաբերեալ սկսան երեւան գալ տեղեկութիւններ, մենք ալ, իբրեւ արտաքին գործոց նախարարութիւն, պաշտօնապէս դիմեցինք Գերմանիոյ եւ խնդրեցինք Էօքսիւզի` Գերմանիոյ մէջ գտնուելուն պարագային զայն ձերբակալել եւ ուղարկել Թուրքիա», ըսած է Չաւուշօղլու:

Ան յայտնեց, որ Էօքսիւզ «կառավարութիւնը տապալելու փորձին ընթացքին խորհրդարանը ռմբակոծած թրքական օդուժի անդամներուն իմամն էր»` աւելցնելով. «Իշխանութիւնները յեղաշրջումի փորձէն քանի մը ժամ ետք Էօքսիւզը ձերբակալեցին Անգարայի մէջ օդուժի ռազմակայանի մը մօտ, սակայն երկու օր ետք դատաւոր մը զինք ազատ արձակեց, եւ ան այդ օրուընէ ի վեր փախստական է»:

Նախորդ շաբաթ Գերմանիոյ մէջ բնակող Թուրքիոյ քաղաքացիներէն մէկը յայտնած էր, որ Էօքսիւզը տեսած են Գերմանիոյ Ֆրանքֆորթ եւ Ուլմ քաղաքներուն մէջ: Հաղորդուած էր, որ Գերմանիոյ Պատեն-Վիւրթենպերկ շրջանին մէջ անոր ժամանակաւոր ապաստան տրուած է:

Թուրքիա 4 միլիոն թրքական լիրա (շուրջ 1 միլիոն 300 հազար տոլար) պարգեւ խոստացած էր Էօքսիւզի մասին տեղեկութիւն հաղորդելու համար:

Նախորդը

Սիերա Լէոնէի Մէջ Հողի Սահանքի Պատճառով Արձանագրուած Է 400 Զոհ Եւ 600 Ուրիշներու Ճակատագիրը Կը Մնայ Անյայտ

Յաջորդը

Հնդիկ Եւ Չինացի Զինուորներ Զիրար Քարկոծած Են

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.