Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պահրէյն Թիլըրսընի Յայտարարութիւնը Անպատշաճ Կը Նկատէ

Օգոստոս 17, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պահրէյնի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Պահրէյնի թագաւորութեան վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսընի կատարած յայտարարութիւնը անպատշաճ է եւ իրականութեան խոր սխալ հասկացողութիւն ցոյց կու տայ:

Թիլըրսըն քննադատած էր Սէուտական Արաբիոյ եւ Պահրէյնի նման Արաբական ծոցի երկիրներուն մէջ «կրօնական ազատութեանց սահմանափակումը»: Ան նշած էր, թէ Սէուտական Արաբիոյ եւ Պահրէյնի նման Միացեալ Նահանգներու դաշնակիցներ չեն յարգեր կրօնական ազատութիւնները, եւ երկու պետութիւններուն կոչ ուղղած` իւրաքանչիւր քաղաքացիի կրօնական աւելի լայն ազատութիւն տրամադրելու:

Պահրէյնի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ Թիլըրսընի յայտարարութիւնը հիմնուած է սխալ տեղեկութիւններու վրայ` շեշտելով, որ Պահրէյնի պատմութիւնը կը յատկանշուի համակեցութեամբ եւ կրօնական հանդուրժողականութեամբ, իսկ տարբեր յարանուանութեանց անդամ պահրէյնցիները ծառայած են ու կը շարունակեն ծառայել իրենց երկրին, ինչպէս նաեւ ազգային շահերը այլ հարցերէն գերիվեր կը նկատեն:

Նախարարութիւնը յայտնեց, որ անհատ մը, քաղաքացի ըլլայ թէ օտարերկրացի, կը ձերբակալուի կամ կը բանտարկուի միայն քրէական գործունէութեան կասկածներու շուրջ հետաքննութենէ ետք, ըստ Պահրէյնի օրէնքներուն, եւ անկախ անոր ցեղէն, յարանուանութենէն, քաղաքացիութենէն կամ սեռէն: Նախարարութիւնը նշեց, որ կառավարութիւնը առանց խտրականութեան բոլորին գործի առիթներ կը ստեղծէ եւ բոլոր տեսակի ընկերային ծառայութիւնները կը մատուցէ:

Նախարարութիւնը յոյս յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը այս հարցերուն վերաբերեալ ուղղակի եւ պաշտօնական կապ կը հաստատէ, իրականութեան ճշգրիտ հետաքննութիւն կը կատարէ եւ իրողութիւնը կը վերլուծէ յառաջադէմ կերպով, նախքան Պահրէյնի կառավարութեան կամ ընկերութեան մասին յայտարարութիւններ կամ մեկնաբանութիւններ կատարելը:

 

Նախորդը

Թուրքիոյ Եւ Քաթարի Միջեւ Ստորագրուած Է Համագործակցութեան 15 Համաձայնագիր

Յաջորդը

Թուրքիոյ Մէջ Ձերբակալուած Ֆրանսացի Լրագրողին Հարցով Մաքրոն-Էրտողան Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

RelatedPosts

Թրամփ. «Իսրայէլ Մէկ Խօսքովս Կրնայ Կազայի Մէջ Կռիւը Շարունակել, Եթէ Համաս Զինադադարի Համաձայնութիւնը Չյարգէ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իսրայէլ Մէկ Խօսքովս Կրնայ Կազայի Մէջ Կռիւը Շարունակել, Եթէ Համաս Զինադադարի Համաձայնութիւնը Չյարգէ»

Հոկտեմբեր 17, 2025
Թրամփ. «Հնդկաստանի Վարչապետը Յայտնեց, Թէ Իր Երկիրը Ռուսական Քարիւղ Պիտի Չգնէ»
Միջազգային

Թրամփ. «Հնդկաստանի Վարչապետը Յայտնեց, Թէ Իր Երկիրը Ռուսական Քարիւղ Պիտի Չգնէ»

Հոկտեմբեր 17, 2025
Քրեմլին. «Փութինի Սուրիա Այցելութիւնը Երէկուան Բանակցութիւններուն Ընթացքին Չքննարկուեցաւ»
Միջազգային

Քրեմլին. «Փութինի Սուրիա Այցելութիւնը Երէկուան Բանակցութիւններուն Ընթացքին Չքննարկուեցաւ»

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?