Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յիմարութիւն անուանած է գերմանացի երեսփոխանին` Թուրքիա այցելութենէն առաջ ներկայացուցած անվտանգութեան վերաբերեալ պահանջը:
Գոնիայի մէջ գտնուող ՕԹԱՆ-ի ռազմակայան մեկնիլ պատրաստուող գերմանացի երեսփոխաններէն Ալեքսանտր Նէու անվտանգութեան երաշխիք պահանջած էր իր մեկնելէն առաջ: «Ես պէտք է վստահ ըլլամ, որ դուրս պիտի գամ այդտեղէն», ըսած էր Գերմանիոյ Ձախերու կուսակցութեան անդամ երեսփոխանը:
Գերմանական «Տէօչէ Վելլէ»-ի թրքական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Չաւուշօղլու յայտարարած է, թէ ամէն տարի հանգիստի եւ աշխատանքային նպատակներով Թուրքիա այցելող գերմանացիներուն թիւը կը հասնի 5 միլիոնի, եւ այդ պարագային երեսփոխանին` անվտանգութեան մասին պահանջները լուրջ չեն իրենց համար:
«Անհերքելի է, որ Գերմանիոյ խորհրդարանին մէջ կան նաեւ Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչական նկատուող Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւն խմբաւորումի աջակիցներ, որոնք հիմնականին մէջ ձախակողմեան կուսակցութիւններու անդամներ են», յիշեցուցած է Չաւուշօղլու` ակնարկելով, թէ գերմանացի երեսփոխանները Թուրքիոյ մէջ ինչէն պէտք է զգուշանան:



