Թուրքիոյ տնտեսութեան նախարար Նիհաթ Զէյպեքճի թուրք-քաթարական գործարարական խորհրդաժողովի մը ընթացքին յայտնած է, որ Թուրքիա կրնայ ապահովել Քաթարի բոլոր պահանջները:
Թուրք նախարարը ընդգծած է երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու ռազմավարական բնոյթը:
«Ամբողջ աշխարհի վրայ Քաթարի ներդրումներուն ընդհանուր ծաւալը 335 միլիառ տոլար է, Թուրքիոյ մէջ Քաթարի ներդրումներուն ծաւալը` 18 միլիառ տոլար», նշած է Զէյպեքճի: