Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մենք Անկախութեան Հասնելէն Զատ Ուրիշ Լուծում Մը Չունինք» Կ՛ըսէ Պարզանի

Օգոստոս 17, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսական «Սփութնիք» լրատու գործակալութեան թրքալեզու ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի նախագահ Մասուտ Պարզանի յայտարարած է, թէ իրաքցի քիւրտերը անկախութեան հասնելէն զատ ուրիշ լուծում մը չունին, եւ աշխարհի բոլոր քիւրտերուն կոչ ուղղած է անկախութեան աջակցելու:

Ըստ Պարզանիի, անկախութեան հարցով հանրաքուէն կրնայ կանխարգիլել շրջանը պատուհասող նոր արհաւիրքն ու նպաստել քիւրտ ժողովուրդի միաւորման: «Ես կ՛ուզեմ, որ դուք աջակցիք ատոր, որովհետեւ մենք անկախութեան հասնելէն զատ ուրիշ լուծում մը չունինք», ըսած է ան:

Քրտական ինքնավար մարզի` Իրաքէն անկախութեան շուրջ հանրաքուէն տեղի պիտի ունենայ 25 սեպտեմբերին, որմէ ետք կը նախատեսուի խորհրդարանական ընտրութիւններ կազմակերպել 6 նոյեմբերին:

Օրեր առաջ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն Պարզանիին ուղղուած ուղերձի մը մէջ պահանջած էր յետաձգել հանրաքուէն` նկատի ունենալով շրջանին մէջ ստեղծուած իրավիճակը եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի կարեւոր նշանակութիւնը: Ատոր ի պատասխան Պարզանիի գրասենեակէն յայտարարած են, որ հանրաքուէի օրը պիտի մնայ անփոփոխ:

Անգարա. «Հանրաքուէն Շրջանին Մէջ
Պիտի Աճեցնէ Անկայունութիւնը»

Թուրքիոյ կառավարութեան բանբեր Պաքըր Պոզտաղ յայտարարեց. «Իրաքի Քիւրտիստան մարզի անկախութեան շուրջ յառաջիկայ սեպտեմբերին նախատեսուած հանրաքուէն կը խախտէ իրաքեան սահմանադրութիւնը եւ շրջանին մէջ պիտի աճեցնէ անկայունութիւնը»:

Ան նշեց, որ քիւրտերը 25 սեպտեմբերին հանրաքուէ պիտի կազմակերպեն, «հակառակ Իրաքի դրացի քիւրտ փոքրամասնութիւն ունեցող երկիրներու մտավախութեան եւ զայն յետաձգելու Ուաշինկթընի կոչին»: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու իր կարգին յայտարարեց. «Իրաքի Քիւրտիստան մարզի հանրաքուէն կրնայ քաղաքացիական պատերազմի առաջնորդել»:

Թուրքիոյ ուժանիւթի նախարար Պուրաթ Ալպայրաք նախապէս յայտարարած էր. «Հանրաքուէն պիտի վնասէ Քիւրտիստանի մարզի քարիւղի բնագաւառին, մանաւանդ որ հում վիճակի մէջ արտածման համար օրական հազարաւոր տակառ քարիւղ կը մղուի դէպի թրքական Ճիհան նաւահանգիստ»:

Նշենք, որ Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատի երէկ իր կարգին յայտարարեց. «Քիւրտերը հանրաքուէ կատարելու մէջ որեւէ շահ չունին»:

 

Նախորդը

Ուաշինկթըն Կը Նշէ Հիւսիսային Քորէայի Հետ Բանակցութիւններու Սկսելու Գլխաւոր Պայմանը

Յաջորդը

Սէուտական Արաբիա Կը Հերքէ Իրաքէն Իրանի Մօտ Միջնորդութիւն Կատարել Խնդրած Ըլլալը

RelatedPosts

Դամասկոսի Մերձակայքին Վրայ  Իսրայէլեան Յարձակում
Միջազգային

Դամասկոսի Մերձակայքին Վրայ Իսրայէլեան Յարձակում

Մարտ 31, 2023
Հերքելով Նեթանիահուի Յայտարարութիւնը`  «Իսրայէլ Չի Բաւարարեր Միացեալ Նահանգներ  Առանց Արտօնագիրի Մուտքի Պահանջները»  Կ՛ըսէ Փաթել
Միջազգային

Հերքելով Նեթանիահուի Յայտարարութիւնը` «Իսրայէլ Չի Բաւարարեր Միացեալ Նահանգներ Առանց Արտօնագիրի Մուտքի Պահանջները» Կ՛ըսէ Փաթել

Մարտ 31, 2023
Միացեալ Նահանգներու Առեւտուրի Նախարարի  Օգնականը Կ՛այցելէ Հարաւային Կովկաս Եւ Թուրքիա
Միջազգային

Միացեալ Նահանգներու Առեւտուրի Նախարարի Օգնականը Կ՛այցելէ Հարաւային Կովկաս Եւ Թուրքիա

Մարտ 31, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In