Երէկ երեկոյեան ինքնաշարժ մը Փարիզի մօտ ներխուժած է փիցցայի ճաշարան մը, որ վրայերթի ենթարկած է անոր յաճախորդները:
«Սքայ նիուզ» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ ֆրանսական ոստիկանութիւնը ձերբակալած է ինքնաշարժին վարորդը: Աւելի ուշ ոստիկանութիւնը հաղորդեց, որ դէպքին պատճառով մեռած է մանուկ մը եւ առնուազն 5 հոգի վիրաւորուած են: Ոստիկանութիւնը հաստատեց, որ դէպքը դիտաւորեալ եղած է:



