ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Էրքան Էօզորալ յայտարարած է, թէ կը քննարկուի Թուրքիոյ Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵՏՄ) մաքսային միութեան անդամակցութեան հարցը:
Ան նշած է, որ ատիկա տնտեսական հարց է: «Ի հարկէ, անիկա ունի նաեւ քաղաքական կողմեր: Ամէն պարագայի` այդ ամէնը պիտի քննարկուի, որմէ ետք պիտի տրուի որոշում», ըսած է ան:
Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ տնտեսութեան նախարար Նիհաթ Զէյպեքճի յայտարարած էր, որ Թուրքիան կրնայ մաքսային համաձայնագիր կնքել ԵՏՄ-ի հետ` չվնասելով իր ու Եւրոպական Միութեան միջեւ եղած մաքսային համագործակցութեան:
Միւս կողմէ, դեսպանը նաեւ յայտարարած է, թէ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի 10-11 սեպտեմբերին նախատեսուած Ազրպէյճան այցելութիւնը յետաձգուած է: